Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի ճշդուած թուականին, շաբաթ, 25 սեպտեմբեր 2021-ին:
Ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը նաեւ նշեց, որ կիսաւարտական հանգրուանէն (ֆայնըլ ֆոր) սկսեալ խումբերուն պիտի արտօնուի իրենց մրցումները շարունակել մէկ օտարականով:
Ինչ կը վերաբերի մրցումներուն պատկերասփիւռէն ուղղակի սփռումին, Շարպել Ռըզք ըսաւ, որ ատիկա պիտի յստականայ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին: