Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ արձանագրեց «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ Բ. հանգրուանի գծով իր կատարած մրցումին 6-2, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նետերլանտներու ներկայացուցիչ Թալլոն Կրիեքսփուրի դէմ:
Ճոքովիչի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ, ճափոնցի` Քէյ Նիշիքորի:
Նշենք, որ մրցաշարքի գործող ախոյեան աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ կը բացակայի անկէ:



