12 տարի ետք Մանչեսթըր Եունայթըտ վերադարձած փորթուգալցի 36 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ,անգլիական ակումբին հետ դարձեալ հանդէս պիտի գայ թիւ 7 մարզաշապիկով:
Նշուեցաւ, որ ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի այդ թիւը զիջեցաւ փորթուգալցիին եւ ինք որոշեց կրել թիւ 21 մարզաշապիկը:
2003-2009 ժամանակամիջոցին Ռոնալտօ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ ելոյթ ունեցած է` կրելով թիւ 7 մարզաշապիկը: