Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Մեր Օրակարգը Կը Շարունակէ Մնալ Նոյնը` Արցախի Եւ Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Վերահաստատումը»

September 1, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

30 տարուան մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար Արցախ մեկնող Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն չկայ, բայց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը 11 հոգիով պիտի մասնակցի ձեռնարկներուն` «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:

«Այո՛, մենք ինքնակազմակերպուած ենք, հակառակ անոր որ կրնան նախատեսուիլ առանձին հանդիպումներ երկու խորհրդարաններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, նոյնիսկ որոշակի հանդիսաւոր նիստ, բայց ատիկա էական չէ, էականը այն է, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը 11 պատգամաւորներով պիտի մասնակցի  այդ ձեռնարկներուն: Երկրորդ, մեր գերխնդիրը կը շարունակէ մնալ սպասարկել Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն: Եւ մեր կազմին մասնակցութիւնը, որ կը ներառէ քաղաքական քանի մը միաւորումներ նոյնիսկ մեր դաշինքին մէջ, արձանագրումն է այն բանին, որ մեր օրակարգը կը շարունակէ մնալ նոյնը` Արցախի եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան վերահաստատումը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Թէեւ Արցախէն պաշտօնական հրաւէրներ ուղարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որպէսզի մասնակցին տօնակատարութիւններուն, բայց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մինչեւ 3 սեպտեմբեր արձակուրդի է, նախագահ Արմէն Սարգսեանը չէ յայտարարած մասնակցութեան մասին, իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը հրաժարած է մեկնիլ Արցախ:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան 11 անդամներէն բացի Արցախ պիտի մեկնին նաեւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան անդամները. թէեւ պիտի մեկնին առանձին, բայց, Արծուիկ Մինասեանը ըսաւ, որ Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում: Ասիկա, վստահաբար, կարելի չէ նկատել Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտօնական պատուիրակութիւն, ինչ որ, անկասկած, վերաբերմունքի դրսեւորում է:

«Այս իշխանութիւնը, ինչպէս աղէտ բերաւ Հայաստանի ու Արցախի գլխուն, այնպէս ալ կը շարունակէ նոյն վիճակին մէջ մնալ. ասոնք վախցած, Արցախը յանձնած, Արցախի անկախութիւնը ոտնահարած, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը ոտնատակ ըրած մարդոց խումբ են, որոնք, ակնյայտ է, որ կը շարունակեն իրենց ազգադաւ կեցուածքը: Ընդ որում, ատիկա կրնայ ըլլալ թէ՛ յատուկ, թէ՛ ոչ յատուկ, թէ՛ վախի ազդեցութեան, թէ՛ անձեռնահասութեան դրսեւորում, բայց որ այս իշխանութիւնը ի վիճակի չէ մեր երկրի շահերը պաշտպանել` ատիկա փաստ է», ըսաւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:

 

Նախորդը

Լաւրով Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Առանց Որեւէ Նախապայմանի Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Որոշումով Հայ Դատի Համակարգին Մէջ Իր Գործունէութեան Պիտի Սկսի ՀՅԴ Արցախի Հայ Դատի Գրասենեակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.