Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
93 արուեստի գործեր զետեղուեցան Միջերկրական ծովուն մէջ` աւելի քան 200 մեթր խորութեան, Կիպրոսի Այա Նափա ծովափի ջուրերուն մէջ:
Այս ընդծովեայ թանգարանը այցելելու համար դուն պէտք պիտի ունենաս պարզապէս ջուրի դիմակի մը եւ թուպոյի մը:
***
Անգլիացի Ճէյսըն Տըքէրզ Թէյլըր կազմակերպած է բազմաթիւ ուրիշ ընդծովեայ ցուցահանդէսներ, տարբեր երկիրներու մէջ:
Այս անգամ ան Կիպրոսի ջուրերուն մէջ վերստեղծած է ընդծովեայ անտառ մը: Հոն մենք կրնանք տեսնել տեսակաւոր ծառեր եւ բոյսեր, ինչպէս նաեւ աչխփուկ խաղցող պզտիկներու արձաններ: Այս ցուցահանդէսին նպատակն է ուսումնասիրել բնութեան եւ մարդու միջեւ յարաբերութիւնը:
Արձանները շինուած են բնութիւնը չապականող պեթոնէ: Ժամանակի ընթացքին անոնք պիտի դառնան ապաստանարաններ ջրախոտերուն, խեցիներուն, բուստերուն, ձուկերուն… Արուեստագէտին համար այս մօտեցումը գլխաւոր միտքբանին է` իր գործը օգտակար ըլլայ կենդանի էակներուն:
Մինչեւ 13 թոն կշռող այս 93 արձաններով ցուցահանդէսին իրագործումին համար պէտք եղած է 1.1 միլիոն տոլար: Թէյլըր այս ցուցահանդէսին վրայ աշխատած է 2-3 տարի: Իր գործերուն ընդմէջէն ան միշտ ուզած է ուշադրութիւն հրաւիրել ովկիանոսներու պահպանումի հարցին վրայ` շեշտելով կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութիւնը անոնց վրայ:
Այժմ Թէյլըր կ՛աշխատի իր նոր ծրագիրին վրայ, Աւստրալիոյ ջուրերու բուստերուն միջավայրին մէջ, Քուինզլէնտի Աւստրալիոյ ընդծովեայ արուեստի թանգարանին հետ:
Պիչ Պոթ`
Ծովափը Մաքրող Մարդամեքենան
Գիտէի՞ր, թէ ամէն տարի աւելի քան 4500.000.000.000 ծխուած ծխախոտի կտորներ կը նետուին բնութեան մէջ, այսինքն` օրական աւելի քան 12 միլիառ ծխախոտի կտոր: Իսկ գիտէի՞ր նաեւ, թէ իւրաքանչիւր ծխախոտի կտոր կ՛ապականէ 500 լիթր ջուր… Երբ մենք սկսինք այս հաշիւները ընելու, պիտի անդրադառնանք որքա՛ն հետեւանքներուն ունեցած ահաւոր վնասներուն: Անշուշտ առաջին հերթին դաստիարակութիւնը ամէնէն լաւ միջոցն է պայքարելու այս աղէտին դէմ, բնութիւնը յարգել, աղբեր չթափել բնութեան մէջ, չվատնել բնութեան հարստութիւնները… Կան նաեւ միջոցներ մեզի օգնելու համար` այդ աղէտէն ձերբազատելու:
Այս նպատակով հոլանտական «Թէքթիքս» ընկերութիւնը կրցած է շինել մարդամեքենայ մը, որ մեզի կրնայ օգնել յատկապէս մեր ծովափները մաքրելու համար:
Պիչ Պոթ 80 սենթիմեթր երկայնք ունեցող մարդամեքենայ մըն է, որ իր արհեստական խելացութիւնը կը գործածէ քանի մը երկվայրկեանէն գտնելու աւազին վրայ գտնուող ծխախոտի կտորները` շնորհիւ մեքենային առջեւը եւ ետեւը զետեղուած երկու քամերաներուն: Ապա մարդամեքենան կը գործածէ իր փոքրիկ աքցանները` այդ կտորները հաւաքելու եւ իր մէջ զետեղուած փոքրիկ դարակի մը մէջ դնելու համար:
Այժմ այս մարդամեքենան փորձառական շրջանի մը մէջ է, եւ ծովափին վրայ կրնայ շրջիլ միայն մէկ ժամ: Սակայն փորձերը կը շարունակուին զայն բարելաւելու: Սակայն, մինչ այդ, տակաւին ամէնէն լաւ միջոցը կը մնայ… պարզապէս չաղտոտել ծովափը` աղբամանները գործածելով:
Խիճերէ Պալատներ
Հիմա անցնինք Միջերկրական ծովուն միւս կողմը` Ֆրանսայի հարաւը գտնուող Վիլընըվ-Լուպէի ծովափը: Այս ծովափը աւազոտ ծովափ մը չէ, այլ ծածկուած է խիճերով. սակայն ասիկա արգելք մը չէ շրջանի պատասխանատուներուն համար, որոնք ամէն տարի կը կազմակերպեն… խիճերէ պալատներու ախոյեանութիւն մը:
***
Այս ախոյեանութիւնը այս տարի տօնեց իր 30-րդ տարեդարձը: Այս տարի 17 խումբեր, կազմուած ընտանիքներէ կամ բարեկամներէ, բերին իրենց մասնակցութիւնը: Օրէնքները պարզ են. ամէն մարդ կրնայ մասնակցիլ, պէտք է ծովափէն խիճեր հաւաքել եւ անոնցմով կառոյց մը շինել: Կազմակերպիչ յանձնախումբը մասնակցողներուն կը հայթայթէ փակցնելու համար նիւթ մը եւ փայտի կտոր մը` կառոյցը վրան բարձրացնելու համար: Կէսօրէ ետք ժամը 4:30-էն սկսեալ դատական կազմը կը սկսի իր քննութեան, եւ ժամը 5:00-ին կը յայտարարուի յաղթողներու ցանկը:
Ժամանց



