Երէկ` հինգշաբթի, 12 օգոստոսին «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց ղազախական Քայրաթը, երկարաձգման ընթացքին 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Երկու կազմերուն միջեւ երթի մրցումը` Ալմաթիի մէջ, աւարտած էր 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Ալաշկերտէն տուպլէ մը իրագործեց փորթուգալցի յառաջապահ Ժոզէ Էմպալօ (43-րդ եւ 50-րդ), մինչ հայկական կազմին յաղթանակի կոլը երկարաձգման ընթացքին նշանակեց պոսնիացի յառաջապահ Ալեքսանտր Կրիսիչ (104-րդ):
Նշենք, որ հիւր կազմը մրցումը աւարտեց 9 մարզիկով:
Քայրաթէն ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան:
Ապահովելով յաջորդ հանգրուանի (փլէյ օֆ) իր տոմսը` հայկական կազմը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեան Կլասքօ Ռէյնճըրզը:



