Երէկ` հինգշաբթի, 12 օգոստոսին, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը:
Հայաստանի ազգային հաւաքականը երկու դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ դասաւորման 88-րդ դիրքը:
Նախորդ դասաւորումի հրապարակումէն ետք սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը կատարեց ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում: Առաջինին հայրենի կազմը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց աշխարհի ֆութպոլի փոխախոյեան Խրուաթիոյ հետ, մինչ երկրորդին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շուէտէն:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Պելճիքա, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Պրազիլ եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսա:
4-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Անգլիա, մինչ Եւրոպայի նորընծայ ախոյեան Իտալիա բարձրացաւ 5-րդ դիրք:
Քաթար-2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Ժ. խմբակի ծիրին մէջ Հայաստան ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթած է: