Հիւսիսային Իրլանտայի մայրաքաղաք Պելֆասթի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին տիտղոսակիրը դարձաւ Չելսի, որ յաջողեցաւ յաղթել սպանական Վիարէալին:
Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով:
Անգլիական ակումբը իր կոլը նշանակեց մրցումին 27-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Հաքիմ Զիեշի:
Բ. կիսախաղի 73-րդ վայրկեանին, Վիարէալ յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել, շնորհիւ Ժերար Մորենոյի:
Դիմուեցաւ երկարաձգման: Նկատի ունենալով, որ արդիւնքը մնաց անփոփոխ` 1-1, դիմուեցաւ անխուսափելիին, փենալթիներուն:
Լոնտոնեան կազմը, արձանագրելով 6-5 արդիւնքով յաղթանակ մը, դարձաւ տիտղոսակիր:
Այսպիսով, Չելսի իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ տիտղոսակիր: Առաջինը` 1998-ին: