Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողները կը շարունակեն իրենց ելոյթները` Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ:
Ցարդ տեղի ունեցած Գ. հանգրուանի մրցումներէն ետք, առաւելագոյն երեք կէտէն նոյնքան կէտ ապահոված Էլինա Դանիէլեան յառաջատարներուն կարգին է:
Աննա Սարգսեան ապահոված է 2,5 կէտ, Մարիա Գէորգեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան` 2-ական, մինչ 1,5-ական կէտ ունին Սուսաննա Գաբոյեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան:
Նշենք, որ Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 29 երկիրներէ 117 ճատրակ խաղացողներ:



