Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՊՐՈՍ. «ԵՐԲ ՄԱՆՈՒԿԸ ԵՒ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ…»

February 9, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«2011-ը Հայ մանուկի տարի էր, եւ 2012-ը` Հայ գիրքի: Այս իմաստով մանուկը եւ գիրքը կը միանան: Ի՜նչ լաւ է տեսնել, թէ անոնք կը միանան Աստուածաշունչով»: Այսպէս արտայայտուեցաւ Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, 19 յունուարին «Նարեկ» ազգային վարժարանին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ «Մանկա-Մեսիա» մանուկներու յատուկ հայերէն աւետարանի բաշխում:

«Նարեկ» ազգային վարժարանի տնօրէն Վերա Թահմազեան բացման խօսքը արտասանեց եւ յատուկ կերպով ծանրացաւ այն գնահատելի ու դրական իրականութեան վրայ, որ Հայ գիրքի տարին կը սկսի Աստուածաշունչի բաշխումով: Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Հրայր Ճէպէճեան խօսեցաւ Աստուածաշունչի կարեւորութեան մասին` իւրաքանչիւր անհատի, ի մասնաւորի հայ ժողովուրդին համար: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց նման գիրք մը հայ մանուկներուն նուիրելուն եւ այս նախաձեռնութեան համար` շեշտելով. «Մեր նպատակն է հասնիլ հայ նոր սերունդին ներկայ ժամանակներու յարափոփոխ մշակոյթներու եւ տեղեկատուութեան աշխարհի ստեղծած արդիական մարտահրաւէրներուն ընդմէջէն` անոր փոխանցելով Աւետարանի անփոփոխ պատգամը»:

Խօսք առաւ նաեւ գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը կատարողն ու խմբագիրը` Արտա Ճէպէճեան, որ աշակերտները ծանօթացուց «Մանկա-Մեսիա»-ի բաժանումներուն, հոն տեղ գտած քարտէսներու գործածութեան մասին` նաեւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելով գիրքին գծով:

«Նարեկ» ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճան խօսեցաւ նման գիրքի մը անհրաժեշտութեան մասին` իբրեւ մեր կեանքին մէջ իւրայատուկ տեղ ունեցող գիրք, որ դաստիարակիչ դերակատարութիւն ունի: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեաններուն` այս նախաձեռնութեան եւ նուէրին համար:

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ իրականացած է այս ծրագիրը` գործակցաբար Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ազգային առաջնորդարանին:

«Նարեկ» ազգային վարժարանի աշակերտութեան ուրախութիւնը մեծ էր այս գիրքով. այդ արտայայտութիւնն ու զգացումը նախաձեռնողներուն համար լաւագոյն գոհունակութիւնը կը պատճառէ:

Նախորդը

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ. ԱՏԵՆԱՄԱՐԶԱՆՔ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ

Յաջորդը

Ս.ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ – ՏՈՀԱ, ՔԱԹԱՐ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.