Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Որքա՞ն Կարելի Է Լուռ Մնալ…

Յուլիս 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

1. Երասխ (Նախիջեւանի սահման), 2. Սոթք, 3. եւ 4. Վերին եւ Վարին Շորժա (վերջին երեքը Քարվաճառի «նուիրուած» շրջանին դրացի)

Դարձեալ ազերիական յարձակումներ` Հայաստանի վրայ, այս անգամ` Գեղարքունիքի սահմանին, Սոթք-Կութ-Վերին ու Վարին Շորժա գօտիին մէջ: Զոհեր, վիրաւորներ:

Հայկական սահմանային դիրքի մը գրաւում: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ խրախուսիչ լուր մը. մեր ուժերը ետ շպրտած են ազերիական ուժերը, բաժանման գիծին վրայ փոփոխութիւն չկայ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ դատապարտանք կ՛արձակէ, կարգ մը երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները խորհրդակցութեան կը հրաւիրուին, իրավիճակը կը բացատրուի:

Վիրաւոր զինուորները կը պատմեն դէպքերը, կը հաւաստեն, որ դարմանուելէ ետք պիտի վերադառնան դիրքերը պաշտպանելու… Սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներն ալ վճռած են հաստատ մնալ եւ պատրաստ են, ազգ-բանակի հասկացութեամբ, զօրակից ըլլալու բանակայիններուն (ո՞վ պիտի զինէ այդ արիները, երբ Սիւնիքի ինքնապաշտպաններէն զէնք կը գրաւուի, զէնք ունեցողը բանտ-դատարան կը տարուի…):

Քարտէսին աչք մը նետողը պիտի տեսնէ, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունին եղեր Քարվաճառը, մինչեւ Խոզնաւար երկարող «սահմանագիծ»-ը, նոյնինքն Արցախը…

***

Այս դէպքերը տեղի կ՛ունենան Երասխի գօտիին վրայ յարձակումներէն, թափանցումի փորձերէն հազիւ շաբաթ մը ետք:

Քանի մը օր առաջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Գեղարքունիքի սահմանային գօտին այցելեց, հաստատեց, որ` «Սահմանային հարցերը պէտք չէ ուժի միջոցով լուծել փորձել»… Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ ալ մտահոգութիւն կ՛արտայայտեն սահմանային այս ու նման դէպքերու մասին: Մոսկուայի մէջ բանակցութեան սեղանը կը զարդարուի կրկին:

***

Իշխանութեան մօտիկ լրատու աղբիւրները տեղեկագրական հաղորդումներուն ընթացքին կը պահեն «հանդարտութեան» տրամաբանութիւնը: Նախ, արձագանգներ` պաշտպանութեան նախարարութեան այն հաւաստիքներուն, թէ շրջանը ըստ ամենայնի խաղաղ է, գիւղացիները խուճապի մէջ չեն (սա լաւ երեսն է անկասկած), առօրեան կը շարունակուի անշեղ, մինչեւ իսկ մանկապարտէզները կը գործեն, երկրագործները դաշտերն են… «Յարձակողը մենք չենք»-ի պարտադրեալ (չըսելու համար` ինքնախաբէութեան) «խաղաղասիրական ոգի»-ն շատ տեղ չի տար աւելի՛ ազդու ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին:

Մարդս կը մտածէ, թէ` «Ի՛նչ լաւ, չար ազերիները ետ շպրտուած են, ամէն բան լաւ է հիմա, մտահոգուելու պէտք չունինք» (խաղաղապահներն ալ արդէն նման լաւ լուրերու սպասումը ունին):

Այս հոգեվիճակին մէկ տարբեր արտայայտութիւնը կը լսուի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահէն, որ կը հաւաստէ, թէ Հայաստան ամէն միջոցի պիտի դիմէ իր դատը ծանուցելու եւ պաշտպանելու համար, թէ` ՀԱՊԿ-ը լաւ բեմ մըն է եւ, վերջապէս, Հայաստան ՀԱՊԿ-ի նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ… 16 սեպտեմբերին (մօտաւորապէս 2 ամիս ետք): Ան չ՛աճապարեր մտածել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմելու ընտրանքին մասին` ընդունելով, որ հոն հասնելու համար որոշ նախապայմաններ կան, ու անուղղակիօրէն խոստովանութիւն մը կը կատարէ իշխանութեան ու դիւանագիտական համակարգի անփութութեան մասին. կ՛ըսէ, որ այդ քայլէն առաջ «անհրաժեշտ են նախնական աշխատանքներ» (պարզ լեզուով` տնային աշխատանք, որուն մէջ աղաղակող կերպով թերացած է իշխանութիւնը եւ յայտնապէս  վճռած է շարունակել թերացումը: Դեսպաններու հետ տեսակցութիւնները երես չեն ճերմկցներ… ):

Նոյն աղբիւրէն մեկնաբան մը բառերը չի ծամծմեր` հաստատելու, որ Ազրպէյճան նման յաճախակի յարձակումներով կը հետապնդէ քանի մը նպատակ. նուիրականացնել Հայաստան-Ազրպէյճան շինծու եւ պարտադրեալ սահմանը, մոռացութեան մատնել Արցախի կարգավիճակն ու սահմաններու հարցը, ենթահող պատրաստել Սիւնիքէն ալ պատառներ խլելու եւ իրականացնելու «Զանգեզուրի միջանցքը»: (Կը մոռնայ յիշեցնել, որ կան սահմաններու եւ ճամբաներու բացումն ու շահաբեր առեւտուրի պատրանքներ հետապնդողներ):

Անդին,` կը թուի, որ նսեմացած են գերիներու հարցը (Պաքուի մէջ վերջին օրերուն քանի մը գերիներ երկարատեւ բանտարկութեան վճիռներ ստացան, ուրիշներու դատավարութիւնը կը շարունակուի), լուսանցքի վրայ քշուած են յետպատերազմեան բազում հրատապ հարցեր (իսկ թէ 44-օրեայ պատերազմին ծալքերը բացայայտելու նպատակով յատուկ յանձնախումբ մը կազմելու եւ ԱՐՏԱԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ, կարգ մը թափթփուքներ անոր մէջ առնելու իշխանութեան առաջադրանքը ի՞նչ արժէք կրնայ ունենալ կամ նպատակի ծառայել` կը մնայ անշքացող հարցականներու տակ):

Այլ աղբիւրներէ հաղորդուած տեղեկութիւններ ցոյց կու տան, որ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնը (պետական կառոյց է, սակայն բացայայտօրէն ոչ հաճելի` իշխանաւորներուն համար) շատ աւելի գործունեայ է, որոշած է մանրամասն տեղեկագիրներ ներկայացնել միջազգային կառոյցներուն: Արդար ու տեղին աշխատանք, որ սակայն, ըստ այս կազմակերպութեան բնոյթի՛ն իսկ, սահմանափակուած է սահմանային գօտիներու բնակիչներուն ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ պաշտպանութեան դիտանկիւնին մէջ:

***

Որքա՞ն պէտք է համբերել, քանի՞ զոհ ու վիրաւոր տալ, որպէսզի Հայաստան իր դիւանագիտական ամբողջական կարողութիւններով շա՛տ աւելի տարածուն եւ ազդու գործի լծուի (միշտ ալ հարցական է, թէ մեր լաւագոյնն իսկ կրնայ բաւարար չըլլալ` ազդու ուժերուն ծանօթ «տրամաբանութեան» բախելով…): Ինչո՞ւ շարունակել տասնամեակներու մասնակի եւ իրողական այն կրաւորականութիւնը, որ կը կիրարկուէր Արցախի սահմաններուն վրայ ազերիական այնքա՜ն յաճախակի յարձակումներուն, զոհեր ու վիրաւորներ խլող ոտնձգութիւններուն օրերուն (խօսքը կ՛երթայ 27 սեպտեմբեր 2020-ը կանխած ժամանակաշրջանին): Ինչո՞ւ պէտք է սպասել, որ Ազրպէյճան դարձեալ լայնածաւալ յարձակումներ գործէ, այս անգամ` ուղղակի Հայաստանի հողերուն վրայ, որպէսզի տեղ մը բան մը շարժի` աւելի՛ ազդու եւ քաղաքակա՛ն լայնածիր տրամաբանութեամբ:

Իշխանութեան ինքնակրաւորականութիւնը, պարտեալի հոգեվիճակին պատանդ մնալը (եւ այդ հոգեվիճակով ալ նոր Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն ունենալը) պատճառ չեն, որ ընդդիմադիրները, աւելի՛ն, նոյնինքն բանակն ու ապահովութեան այլ կառոյցներ մնան ձեռնածալ: Ըսինք` խրախուսիչ էր լսել, որ բանակը պաշտպանած է իր դիրքերը եւ ետ շպրտած` ներխուժող թշնամին, սակայն բոլորն ալ պէտք է անդրադառնան, որ այս ու նման քայլերով անուղղակի եւ գործնական բաներ Կ՛ԻՐԱԿԱՆԱՆԱՆ, ամէնէն կարեւորը` նա՛եւ մեր մտածողութեան մէջ կաթիլ-կաթիլ կը հանգչի այն,  որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի «նոր սահմանները» պէտք է գծել` հայկական հողերու շուրջ սակարկութեան նստելով, մոռնալով մինչեւ իսկ Արցախէն մնացած պատառիկը…

***

Իսկ ո՞ւր են սփիւռքի ներուժը, կարողականութիւնները, որոնք այլապէս կը թուին մնալ կրաւորականութեան որոշ օղակի մէջ:

Այո՛, հոգի ջերմացնող աշխատանք կը տարուի, որպէսզի Ազրպէյճանի դէմ դատապարտանքի արտայայտութիւններ հնչեն, Ազրպէյճան ամերիկեան եւ այլ օժանդակութիւններէ զրկուի, համոզուի, որ պէտք է բանակցութեան սեղան վերադառնայ եւ Արցախի հարցը փակուած չհամարէ…

Այս բոլորէն անդին, դարձեալ հարց տանք. քանի՞ զոհ ու վիրաւոր պէտք է տանք, որքա՞ն նիւթական վնաս պէտք է կրենք, որպէսզի Աւստրալիայէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ շարժման անցնի մեր ժողովուրդը, զօրակցի դիւանագիտական մեքենային, որպէսզի մէկ կողմէ Թուրքիայէն ներշնչում առնող ազերիական ոճիրները հասնին միջազգային մամուլին եւ անոր ճամբով` հանրային կարծիքին: Ինչո՞ւ աշխարհը աւելի՛ յաճախ ականջ պիտի տայ ազերիական այն յերիւրանքներուն, որ իբր թէ հայկական կողմն է նախայարձակը, քան` ցաւալի իրականութեան, որուն գլխաւոր եւ միակ զոհն են ու կը մնան Արցախը, Հայաստանը:

… Պատերազմի օրերուն, թէեւ` որոշ ուշացումով, համայն հայութիւնը շարժման մէջ էր. փուլ բերուած էին «մենք-դուք»-ի, «հին-նոր»-ի, հայաստանցի-արցախցի-արտերկրացի պատուարները: Հայութեան բողոքի ձայները լսելի դարձան (թէեւ` ոչ բաւարար ազդեցութեամբ), ինչպէս որ լսելի կը դառնան այս կամ այն երկրին մէջ թրքածին ահաբեկչական արարքներու զոհերուն մասին կսկիծի ձայները, ամերիկեան, իսրայէլեան, թրքական եւ այլ պետական ոճիրներու արարքներու, ափրիկեան եւ այլ երկիրներու մէջ անմեղ զոհեր հնձող, մանուկներ առեւանգող ծայրայեղական-ահաբեկչական խմբաւորումներու «սխրանքները»:

Մեր մէկ բանաստեղծը 150 տարի առաջ մարտահրաւէր ուղղած է` «Հիմի՞ էլ լռենք…»:

Մարտահրաւէրը հնչեղ է նաեւ այսօ՛ր, անոր դիմաց պէտք է բաց մնան բոլորիս ականջները` իշխանաւորէն մինչեւ ընդդիմադիր, հայկական աշխարհասփիւռ օճախներուն զաւակները, չբաւարարուիլ «որոշ պարտականութիւն ըրինք»-ի աշակերտական ինքնաբաւարարութեամբ:

Որովհետեւ մեր ՀԱՅՐԵՆԻՔին ճակատագիրը դրուած է նժարի վրայ, ու համաթուրանական ծրագիրներուն դիմաց մե՛նք պիտի ըլլանք (դարձեալ) գլխաւոր պատուարը, Հայաստանն ու Արցախը փրկողը (չմոռնանք, որ «… Սասուն, Մուշն ու Վանը հայկական հող» են):

 

28 յուլիս 2021

 

Նախորդը

Յորդանանի Շրջանային Դերակատարութեան Արշալոյսը

Յաջորդը

Հայ Օգնութեան Միութիւնը` Լիբանանի Կողքին

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?