ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» պարբերաթերթը յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմի մէջ իր ունեցած բարձրաստիճան աղբիւրներուն` հաղորդեց, որ Սուրիոյ տարածքին գտնուող շուրջ 900 ամերիկացի զինուորներ, ներառեալ` ցամաքային զօրքերու մասնայատուկ ուժերու զինուորները, Սուրիա պիտի մնան քրտական ուժերուն աջակցելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ խորհրդատուութիւն կատարելու համար: Այդ որոշումին իսկական դրդապատճառը, սակայն, այլ է:
Ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումը կը ստեղծէ բաց մը, որ պիտի լեցնէ Սուրիոյ մէջ ազդու դերակատարներէն մէկը` Ռուսիան, Իրանը կամ Թուրքիան: Սուրիայէն չհեռանալու որոշումը ցոյց կու տայ, որ ամերիկեան վարչակազմը այդպիսի զարգացում մը ժխտական կը նկատէ, եւ անոր համար երեք բեմագրութիւններն ալ հաւասարապէս մերժելի են:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 27 յուլիսին Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմիի հետ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերու` Իրաքի մէջ մարտական առաքելութիւնը մինչեւ տարեվերջ պիտի աւարտի, ինչ որ կը ստեղծէ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերուն գումակային եւ այլ օժանդակութիւններու մատակարարման խնդիր մը: 19 յուլիսին Պայտընի` Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ հանդիպումը կը յուշէ, որ այդ խնդիրին լուծումը Յորդանանի ճամբով պիտի ըլլայ: Պայտըն Սպիտակ տան մէջ Ապտալլա Բ.-ի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Յորդանանի թագաւորը կոչեց «Լաւ, հաւատարիմ ու պարկեշտ ընկեր մը» եւ գովաբանեց Միջին Արեւելքի մէջ անոր «կենսական ղեկավարութիւնը»: «Դուք միշտ ներկայ եղած էք, մենք ալ ներկայ պիտի ըլլանք Յորդանանի համար», ըսաւ ան: Թագաւորը պատասխանեց` ըսելով. «Դուք միշտ կրնաք ինծի, երկրիս եւ շրջանին մէջ մեր բազմաթիւ գործընկերներուն վստահիլ»:
Սպիտակ տունը հանդիպումէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` յայտնեց. «Նախագահ Պայտըն գնահատեց շրջանին մէջ ընդհանուր կայունութեան մէջ Յորդանանի դերակատարութիւնը»: Պայտըն նաեւ գնահատեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Յորդանանի ներդրումը:
Յորդանանի թագաւորը 24 յուլիսին նաեւ հանդիպում ունեցաւ ամերիկեան բանակի սպայակոյտի միացեալ յանձնախումբի պետ զօր. Մարք Միլիի հետ: Յորդանանեան արքունիքը յայտարարեց. «Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ Յորդանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը, մասնաւորաբար` պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ծիրին մէջ զարգացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ միջազգային ջանքերը»: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ արդէն մեծցուցած էին Յորդանանի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը` Ինճիրլիքի մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը նուազեցնելէն ետք: Այժմ կը թուի, թէ երկու երկիրներուն բանակներուն ու գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի բարձր մակարդակի պիտի դառնայ:
Հարկ է նշել, որ Ապտալլա թագաւորը նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպում ունեցող առաջին արաբ ղեկավարն է: Այդ իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ հանդիպման ընթացքին արտասանուած խօսքերը ամբողջ տարածաշրջանին կը յղեն այն պատգամը, որ Յորդանանը այսուհետեւ ամերիկեան շրջանային ռազմավարութեան մէջ դարձած է առաջնային եւ ամբողջական գործընկեր մը:
Ամման Ուաշինկթընի համար իր կարեւորութիւնը կորսնցուցած էր Թրամփի վարչակազմի օրօք, որ կը միտէր Իսրայէլի եւ Ծոցի երկիրներու աւելի առաջնահերթութիւն տալ: Այժմ ամերիկա-յորդանանեան յարաբերութիւնները մուտք գործած են նոր ժամանակաշրջան մը:
Արդեօ՞ք այս ծիրին մէջ պէտք է ընկալել անցեալ 1-2 ամսուան ընթացքին Աքքար շրջանի Պըպնին գիւղէն փամփուշտով վիրաւորուած աղջնակ մը թագաւորին հաշուոյն դարմանուելու համար Յորդանան փոխադրելու յորդանանեան քայլը, ինչ որ, ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ահազանգի մատնած է շրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը ընդարձակող ու ամրապնդող Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը:
Յորդանանի ներուժը փոքր է, սակայն անոր գաղտնի սպասարկութիւնը ուժեղ է: Ամման կրնայ ծառայութիւններ մատուցել Ուաշինկթընի, երբ վերջինս չ՛ուզեր հարցի մը հետ բացայայտ կապ ունենալ: Աքքարի մէջ յորդանանեան քայլը արդեօ՞ք կը յուշէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան նկատմամբ ամերիկեան դժգոհութեան ու մտավախութեան գոյութեան մասին, եւ արդեօ՞ք ծածուկ կամ բացայայտ շարունակութիւն մը պիտի ունենայ: Մէկ բան յստակ է` Ռուսիոյ եւ Չինաստանի վրայ կեդրոնանալու համար շրջանէն հեռացող Միացեալ Նահանգները Յորդանանին որոշ առաքելութիւններ կը վստահին, ուստի եւ առաջ կը մղեն հաշիմական թագաւորութեան շրջանային դերակատարութիւնը, որ հետզհետէ աճելով պիտի դառնայ աւելի նշմարելի: