ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Սուրբերու մասունքներուն եւ անոնց ունեցած կարեւորութեան ու դերակատարութեան մասին խօսելէ առաջ հարկ է յստակացնել, որ Քրիստոսի եկեղեցին չի պաշտեր սուրբերուն մասունքները, այլ կը յարգէ ու կը մեծարէ զանոնք: Քրիստոնեայ եկեղեցին կը մեծարէ սուրբերուն մասունքները, որովհետեւ կը յարգէ անոնց ուսուցումները, կը հաւատայ անոնց գործած ու գործելիք հրաշքներուն, կը քալէ անոնց ճանապարհէն, զանոնք կ՛ընդունի իբրեւ բարեխօս եւ, ամէնէն կարեւորը, զանոնք իբրեւ զրահ կը գործածէ չարին դէմ: Սուրբերը իրենց երկրաւոր կեանքի ընթացքին ճաշակեցին ամէնէն ծանր չարչարանքները, որոնց շնորհիւ աճեցան իրենց հաւատքի կեանքին մէջ եւ նուաճեցին սրբութեան գագաթը: Ուստի անոնք կրնան բժշկել, դժուարութիւններ փարատել եւ անդադար բարեխօս դառնալ մեր փրկութեան համար:
Ի՞նչ կը նշանակէ սուրբի մասունք: Սուրբերու մասունք կը նշանակէ վախճանած կամ մարտիրոսութեան արժանացած սուրբերու մարմնական մնացորդները, ինչպէս նաեւ` սուրբերու անձին հետ կապուած առարկաներ կամ իրեր: Հին կտակարանին մէջ կարելի է հանդիպիլ այսպիսի օրինակներու, որոնցմէ կ՛ուզենք յիշել Դ. Թգ. 2. 13-14 համարները: Սուրբերուն մասունքները կը դրուին եկեղեցւոյ սուրբ սեղանին վրայ` ճաշու Աւետարանին կողքին:
Սուրբերու մասունքները քրիստոնէութեան սկզբնական ժամանակներէն (2-րդ դար) օրհնութիւն նկատուած են քրիստոնեաներուն կողմէ: «Օրհնութիւն» կ՛ըսուի, որովհետեւ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ համար սուրբերուն մասունքները պարզապէս ոսկոր կամ մարդու մարմնի մնացորդներ չեն ներկայացներ, այլ անոնք կը նկատուին Քրիստոսի մարմնին` եկեղեցւոյ զարդերը, մարգարիտները եւ, ամէնէն կարեւորը, հաւատացեալներուն եւ Քրիստոսի միջեւ կամուրջ մը, որ անյապաղ կը հասցնէ Երկնառաքին` Քրիստոսի մօտ:
Նոր կտակարանին մէջ եւ նախաքրիստոնէական շրջանէն ո՛չ մէկ ակնարկ կայ սուրբերու մասունքները պահելուն մասին: Օրինակի համար Գործք առաքելոցին մէջ կը կարդանք, որ Ստեփանոս Նախասարկաւագը կը նահատակուի, սակայն երբեք ակնարկ մը չ՛ըլլար անոր մասունքները պահելու մասին (հմմտ. Գրծ. 7. 54-60): Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսին` Յակոբոս Տեառնեղբօր մասին գիտենք, որ գլխատուած է Հերովդէսի թոռնիկին կողմէ, սակայն անոր պարագային ալ մասունքները պահելու մասին ո՛չ մէկ նշան կայ: Ասոնցմէ կրնանք հետեւցնել, որ սուրբերու մասունքներ պահելը սովորութիւն մը չէր, գոնէ` միայն քրիստոնէութեան առաջին դարուն:
Սուրբերու մասունքներուն մասին առաջին նշոյլները կը գտնենք Ս. Կիպրիանոսին մօտ: Ան 257-ին Կարթագինէի մէջ ժողով մը կը գումարէ եւ 120 կանոններ կը հաստատէ: Այդ կանոններէն 83-րդ կանոնը կը վերաբերէր սուրբերու մասունքներուն: Իսկ գրական առաջին ակնարկութիւնը կը գտնենք «Մարտիրոսութիւնք Պողիկարպոսի» անունով գործին մէջ, ուր սուրբերու մասունքներուն մասին կ՛ըսուի. «աւելի թանկագին, քան ամենաթանկ քարը, եւ աւելի ցանկալի, քան` ամենազնիւ ոսկին» («Քրիստոնեայ Հայաստան», էջ 690):
Սուրբերու մասունքներուն մեծարումը իր գագաթնակէտին հասաւ 4-րդ դարուն, երբ Քրիստոսի համար նահատակուողներուն թիւը հասաւ իր քառապատիկին: Այդ շրջանին քրիստոնեաները իրենց Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսին պէս հալածանքներու եւ չարչարանքներու կ՛ենթարկուէին, եւ անոնցմէ շատերը նոյնիսկ իրենց կեանքը կու տային ՃՇՄԱՐԻՏ ԼՈՅՍ` (Յհ. 1. 9) Քրիստոսի համար եւ այդպիսով կը դառնային սուրբեր ու մարտիրոսներ: Ուստի քրիստոնեաները Քրիստոսի կողքին իրենց մտատիպարը սկսան ունենալ սուրբերը եւ սկսան անոնց մասունքները իբրեւ օրհնութիւն ու զօրութիւն պահել: Այդ իսկ պատճառով եկեղեցւոյ ս. հայրերը սկսան այդ շրջանին գրել սուրբերու մասունքներուն մեծարումին կարեւորութեան եւ անոնց ունեցած կարողութիւններուն մասին: Եկեղեցւոյ պատմիչը` Եւսեբիոս Կեսարացին կը գրէ, որ 4-րդ դարուն սուրբերու նահատակութեան յիշատակը հանդիսաւոր կերպով կը տօնուէր: 4-րդ եւ 5-րդ դարերուն սուրբերու մասունքներուն մեծարումը ա՛լ աւելի զարգացաւ եւ սկսաւ կամաց-կամաց մուտք գործել եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ:
Սկզբնական շրջանին մասունքները կը պահուէին գերեզմաններու մէջ, սակայն սուրբին ամբողջ մարմինը չէր թաղուեր մէկ գերեզմանի մէջ, այլ կարելի էր նոյն սուրբին անունով բազմաթիւ գերեզմաններու հանդիպիլ, որովհետեւ ամէն մէկ եկեղեցի մաս մը կ՛առնէր սուրբին մարմինէն եւ կը թաղէր իր շրջանին մէջ: Սակայն, երբ մարդիկ տեսան, որ մասունքները հրաշքներ կը գործեն, սկսան զանոնք յատուկ մասնատուփերու մէջ պահել:
Հայ առաքելական ս. եկեղեցին Ա. դարէն սկսեալ արդէն իր մօտ ունէր Թադէոս առաքեալին կողմէ Հայաստան բերուած ա՛յն գեղարդը, որմով Յիսուսը խոցեցին, ինչպէս նաեւ` Բարթողիմէոս առաքեալի կողմէ Հայաստան բերուած սրբուհի Մարիամ Աստուածածինին պատկերը: Սակայն հայոց մէջ սուրբերու մասունքներ պահելու սովորութիւնը սկսած է Դ.-րդ դարուն («Քրիստոնեայ Հայաստան», էջ 691): Այս մասին առաջին անգամ կը կարդանք Ագաթանգեղոսի գործին մէջ: Վերջինս կը նկարագրէ, թէ Հայ եկեղեցւոյ երկրորդ լուսաւորիչը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կեսարիայէն իրեն հետ բերած է Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Ս. Աթանագինէի մասունքները: Սուրբը զանոնք թաղած է Իննակնեան կոչուող վայրին մէջ, որ հեթանոսական պաշտամունքի կեդրոն մըն էր, եւ այդ մասունքներուն վրայ կառուցած է եկեղեցի մը: Հայ պատմիչներէն Ղազար Փարպեցին կը պատմէ, որ Վարդանանց պատերազմէն ետք, երբ հայոց բանակը Հայաստան վերադարձած է, այդ ժամանակուան հայ հոգեւորականութիւնը զանոնք դիմաւորած է սուրբերու մասունքներով («Հայոց պատմութիւն», 1982, էջ 129): Դեռ կարելի է օրինակներուն շարքը երկարել: Աւելի ուշ Հայ եկեղեցին ալ որդեգրած է մասնատուփ օգտագործելու սովորութիւնը:
Ներկայիս Հայ առաքելական եկեղեցին իր մօտ ունի` մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտէն մասունք մը, Նոյան տապանէն մասունք մը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն երկու մասունքներ (մէկը Անթիլիաս, իսկ միւսը` Էջմիածին), գեղարդը, որով Աստուածորդին խոցեցին, Թադէոս առաքեալի աջը, Բարդողիմէոս առաքեալէն մասունք մը եւ այլ մասունքներ:
Մեր գրութիւնը կ՛աւարտենք Ս. Յովհան Ոսկեբերանի մասունքներուն մասին ըսած խօսքով. «Սուրբերուն մասունքները լի են Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ: Անոնք կարողութիւնը ունին դեւերը վանելու եւ քաղաքը պաշտպանելու: Անոնք միշտ կը յիշեցնեն երկրաւոր կեանքի ժամանակաւոր ըլլալը: Միեւնոյն ժամանակ անոնք, ուր որ ալ գտնուին, այդ քաղաքը կամ երկիրը սուրբ կը դարձնեն: Անոնք նաեւ կամուրջ մը կը հաստատեն երկինքի եւ երկրի միջեւ: Միեւնոյն ժամանակ մասունքները կը պաշտպանեն այն եկեղեցին, որուն մէջ կը գտնուին» (The Cult of the Saints, էջ 259-260):
Պիքֆայա, Լիբանան



