Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

February 8, 2012
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՈՒԷՊԾԻՐԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ
ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՆ

Վերջերս, «Վիվասել – Էմ. Թի.Էս.»-էն տեղեկացուցին, որ «Ուէպծիրան» համահայկական առցանց շարժապատկերի փառատօնին արդիւնքները ամփոփուած են մասնագէտ դատական կազմի կողմէ` Արա Խանճեանի, Սիրանուշ Գալստեանի, Գոհար Յակոբեանի, Կարինէ Ռաֆայէլեանի եւ Միքայէլ Ստամբոլցեանի, որ դատական կազմի նախագահն էր: Ըստ անոնց որոշումին, մրցանակներու արժանացած են հետեւեալ ժապաւէնները. գլխաւոր մրցանակը նուաճած եւ ստացած է 1000 տոլարի համարժէք դրամ` «Աշնան արեւ» ժապաւէնը, բեմադրութեամբ Տիանա Կարդումեանի: Յատուկ մրցանակ 500 տոլարի համարժէք դրամ տրուած է «Հատուող ճակատագրերու հանգրուանը» խորագիրով ժապաւէնին, բեմադրութեամբ Արսէն Այրապետեանի: Խրախուսական մրցանակներ ստացած են «Թեթեւ հպում»` բեմադրութեամբ Նարէ Մկրտչեանի, «Նախշոյի դպրոցը»` բեմադրութեամբ Գոհար Խաչատրեանի, «էն ուրիշ ֆրունզեկը»` բեմադրութեամբ Յովհաննէս Պապիկեանի, «Օգնիր նրանց հիմա»` բեմադրութեամբ Արտներսէսի, «Պայ-պայ»` բեմադրութեամբ Արեգ Մկրտչեանի, Հրայր Լազեանի եւ Աշոտ Յարութիւնեանի ժապաւէններուն:

«Ուէպծիրան» համահայկական առցանց շարժապատկերի փառատօնը սկսած էր 15 նոյեմբեր 2011-ին, «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի եւ webtv.am համացանցի պատկերասփիւռի նախաձեռնութեամբ: Փառատօնին հովանաւորը «Վիվասել – Էմ. Թի.Էս.»-ն է:

«Զարգացող աշխարհի մէջ անխուսափելի է ժամանակակից արհեստագիտութիւններու ներթափանցումը նաեւ մշակոյթի բնագաւառ, բան մը, որ ողջունելի է եւ կը խրախուսէ տաղանդին բացայայտման:

Արհեստագիտական լուծումներու կիրարկումը, տուեալ պարագային` համացանցը, ստեղծագործողին առիթ կու տայ, որ առանց նիւթական մեծ գումարներ օգտագործելու` իր ըսելիքը հասցնէ լայն հասարակութեան: Չափազանց կարեւոր գործօն է, որուն կարիքը ունին շարժապատկերի արուեստը եւ սկսնակ ստեղծագործութիւնները: Կը շնորհաւորեմ նորարական այս փառատօնին մրցանակակիրները եւ կը յուսամ, որ այս յաղթանակը լուրջ ազդակ հանդիսանայ, որպէսզի մրցանակ շահող բեմադրիչները հասնին աւելի մեծ յաջողութիւններու», նշած է «Վիվասել – Էմ. Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:

Շարժապատկերի փառատօնին ցուցադրուած է տարբեր տեսակներու 49 ժապաւէն: Աւելի քան մէկ ամսուան ընթացքին ներկայացուած ժապաւէնները դիտած են 42 հազար 32 անգամ:

Յիշեցնենք, որ «Ուէպծիրան» համահայկական շարժապատկերի փառատօնին մասնակցելու կարելիութիւն տրուած էր Հայաստան եւ արտերկիր բնակող շարժապատկերի հայ բեմադրիչներու: Մրցոյթին կարելի էր ներկայացնել մինչեւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ,  առանց տեսակային սահմանափակումներու եւ որեւէ արհեստագիտական միջոցով նկարահանուած ժապաւէններ: Նշենք նաեւ, որ դատական կազմի անդամներուն գնահատականները եւ ընդհանուր արդիւնքները կարելի է տեսնել webtv.am կայքէջին մէջ:

ԱԲՐԱՀԱՄ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ`
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆ

Հասարակութեան կարծիքի ուսումնասիրման կեդրոնը յայտարարած է մրցանակաբաշխութիւն` Հանրային ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայանին մէջ:

Ըստ այդ մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն, տարուան լաւագոյն մեկնաբան ճանչցած է «Առաջին լրատուական» ծառայութեան մեկնաբան Աբրահամ Գասպարեան, լաւագոյն լրագրող` «Առաջին լրատուական»-ի լրագրող Արթուր Գրիգորեան:

Լաւագոյն մարզային լրագրող, ըստ նոյն մրցումի, դարձած է Հրաչեայ Պապիեան, տարուան լաւագոյն երաժշտական նախագիծը «10+10» նախագիծն է, լաւագոյն հաղորդավարը` «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ»-ն:

«Պատկերասփիւռ դիտողի համակրանք» մրցանակին արժանացած է հանրային պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Նազենի Յովհաննիսեան, իսկ հանրային ձայնասփիւռի կայանի լաւագոյն հաղորդումը «Զարթուցիչ»-ն է: Լաւագոյն մեկնաբանները` Լուսինէ Մուրատեան եւ Արամ Մանուկեան:

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը եւ խմբագրական կազմը կը շնորհաւորեն Աբրահամ Գասպարեանը` տարուան լաւագոյն մեկնաբանի տիտղոսին տիրանալուն առիթով:

 

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ԳԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ
ՄԱՆԿԱՏՈՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՆՈՐՈԳԷ

«Հեռախօսամարաթոն 2011»-էն գոյացած գումարներով իրականացուող ծրագիրներու ծիրին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գերմանահայ համայնքի տեղական մարմինը պիտի նորոգէ Գիւմրիի «Երեխաներու տուն» մանկատունը:

Նշենք, որ մանկական շէնքը կառուցուած է 1924-ին եւ մինչեւ 1972 գործած է իբրեւ գիշերօթիկ մանկապարտէզ: Մանկատան խնամքին յանձնուած են մտային եւ ֆիզիքական թերութիւններ ունեցող մինչեւ 6 տարեկան աւելի քան 120 մանուկներ: 6 տարեկանը ամբողջացնելէ ետք մանկատան սաները կը տեղափոխուին դեռահասներու համար նախատեսուած մանկատուներ` նկատի ունենալով անոնց մտաւոր եւ ֆիզիքական վիճակը:

«Հարցերը օրէ օր կ՛աւելնային: Կոյուղիի եւ ջուրի գիծերը կը քայքայուէին: Անոնց մաշուածութեան պատճառով անհանգոյցները աւելի եւ աւելի յաճախ անօգտագործելի կը դառնային, իսկ պատերը խոնաւութենէն կը քայքայուէին: Շէնքի օդափոխութեան համակարգը շատոնց արդէն չէր գործեր, բան մը, որ արդէն անընդունելի է առողջական զանազան հարցեր ունեցող փոքրիկներու համար», մտահոգութիւն յայտնած է մանկատան տնօրէն Ռուզաննա Աւագեանը:

Ըստ անոր, շէնքը բարեկարգուած եւ բնական պայմաններով օժտելէ ետք պիտի փորձեն բուժել եւ համապատասխան գուրգուրանքի եւ հսկողութեան ենթարկել սաները:

«Մեր ցանկութիւնն է, որ հայ մանուկները ըլլան առողջ եւ ապրին լիարժէք կեանքով, իսկ եթէ կան փոքրիկներ, որոնք հարցեր ունին, պէտք է կարելինիս ընենք, որ անոնց կեանքը ըլլայ լուսաւոր եւ իմաստալից», յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ մարմինի ատենապետ Ժիլպեր Մոմճեան:

ՆՈՅԵԱՆ ՏԱՊԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ`
«ՅԱՂԹԱՆԱԿ» ԶԲՕՍԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանի հանրային խորհուրդի մշակոյթի ենթայանձնախումբը պիտի քննարկէ Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիին մօտ աստուածաշնչեան իրական չափերուն համապատասխանող Նոյեան տապան կառուցելու աննախընթաց  գաղափարը:

Կառոյցի հեղինակները «Յաղթանակ» զբօսայգիին «Ուրախ ժամանց» ընկերութեան տնօրէն Թորոս Ումրիկեան, «Գեղարուեստի կոմբինատ»-ի տնօրէն եւ «Արմարէ» ընկերութեան նախագահ Մարտուն Յարութիւնեան  յայտնած են, որ անիկա պիտի դառնայ  գիտական, կրթական, պատմական, մշակութային համալիր: Կը նախատեսուի զայն տեղադրել  Արարատ լերան ճիշդ դիմաց` «Յաղթանակ» զբօսայգիին բարձունքին: Կառոյցը պիտի ունենայ 132 մեթր երկարութիւն եւ 22 մեթր լայնք:

Ըստ նախագիծի հեղինակներուն, կառոյցը պիտի ըլլայ «Զբօսաշրջիկներու հանգրուան, դիտակէտ` Արարատ լեռէն Նոյեան տապան եւ Նոյեան տապանէն Արարատ լեռ:

«Այսպիսով, համայն աշխարհին ցոյց կու տանք, որ համաշխարհային ջրհեղեղէն ետք հայոց աշխարհի սրտէն` Արարատ լեռէն սկսած է մարդկութեան երկրորդ վերածնունդը», հաղորդած է Մարտուն Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ այս ծրագիրին համար կը նախատեսուի ծախսել 15-20 միլիոն տոլար:

Ըստ նախագիծին, քառայարկ կառոյցին 10 հազար քառ. մեթրին մէջ պիտի տեղադրուին պատմական Նոյեան տապանի «անձնակազմ»-ին կրկնօրինակները` 8 մարդ, 120 անասուն, համամարդկային մասունքներ, կահ-կարասի, թատրոն, համաժողովներու դահլիճ, կառոյցի համապատասխան գրասենեակներ, ուխտաւորներու եւ զբօսաշրջիկներու համար հանգստեան եւ գիշերելու 40 առանձնասենեակներ` սպասարկման տարբեր կէտերով, իսկ վերի բաժինին մէջ պիտի տեղադրուին յատուկ հեռադիտակներ` սրբազան լեռը մօտէն դիտելու համար:

Հանրային խորհուրդի մշակոյթի ենթայանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մանասեան իր կարգին յայտնած է, որ ենթայանձնախումբը պիտի քննարկէ այդ հարցը եւ միասնական որոշում պիտի կայացնէ այդ մասին:

ԳՈՒԺ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆԻ «ՄԱՐԳԱՐ ՊԱՊԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ
ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ Է

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեանի յաւերժական ազատութեան նուիրուած «Մարգար պապը» խորագիրով ժապաւէնը ներկայացած է յունուար 16-18 Մինսքի մէջ կայացած «Սինեմա փերփեթիում մոպայլ» միջազգային փառատօնին եւ արժանացած է գնահատական վկայականի:

Փառատօնին մասնակցած են 35 երկիրներու 150 երիտասարդ բեմադրիչներ եւ ցուցադրուած է 180 ժապաւէն: «Մարգար պապը» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութենէն ետք փառատօնի դատական կազմի անդամ, «Պիելոռուս վիտէօ կեդրոն»-ի տնօրէն Եուրի Իքրուշա Գուժ Թադեւոսեանին առաջարկած է հայ-պիելոռուսական ժապաւէն մը նկարահանել:

Նշենք, որ «Մարգար պապը» շարժանկարը նկարահանուած է Հայաստանի շարժանկարի ազգային  կեդրոնի աջակցութեամբ: Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի նաեւ Մարոքի, Պերլինի, Լեհաստանի փառատօներուն:

«Մարգար պապը» ժապաւէնին հեղինակն է` Արթուր Մկրտչեան, բեմադրիչը` Գուժ Թադէոսեան, իսկ դերակատարները` Կարէն Ջահանգիրով, Ժորա Դիլանեան, Լեոնիա Գալստեան եւ Նարեկ Ազէկեան:

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
ԳԻՏԱԿ ԳՐԻԳՈՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

Վերջերս մահացած է հանրածանօթ աղբիւրագէտ, գրականագէտ, վաստակաւոր լրագրող, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութեան հիմնադիր անդամ Գրիգոր Գույումճեան:  Սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան գիտակ Գրիգոր Գույումճեան 90-ական թուականներէն աշխատած է Երեւանի պետական համալսարանի լրատուական բաժանմունքին մէջ:

Նշենք, որ 1 փետրուարին Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի հաւաք:

ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆԻ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐԸ
ԱՄՓՈՓՈՒԵՑԱՆ ՊԱՆԹԷՈՆԻ ՅՈՒՇԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ

Արեւմտահայ վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի մարմինը ափոփուած է Պոլիս, իսկ բանաստեղծին գանկին բեկորները իրենց վերջին հանգրուանը գտան Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ: Գանկին վերաթաղման հարցը բարդ էր այն առումով, որ անոր լուծման համար պահանջուեցաւ 43 տարի: Պանթէոնի յուշապատին վրայ ամփոփուեցան Պետրոս Դուրեանի գանկի բեկորները: Այս մասին յայտնեց Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արդէն նախկին տնօրէն Հենրիկ Բախչինեան, որ մօտաւորապէս 20 տարի պայքարած է, որ Պ. Դուրեանի թանգարանին մէջ պահուող գանկին բեկորները հողին յանձնուին` Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ: Ան դիմում ներկայացուցած էր անկախութենէն ետք Հայաստանի մշակոյթի բոլոր նախարարներուն, ինչպէս նաեւ` ներկայիս գործող նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին: Սակայն ոեւէ մէկը չէր ընդառաջացած այդ դիմումին:

Պ. Դուրեան կեանքէն հեռացած է 20 տարեկանին, թոքախտէ, առանց որեւէ լուսանկար ձգելու իր ետին: Անոր ծանօթ եւ միակ դասագրքային լուսանկարը ստեղծուած էր ըստ մօրը եւ քրոջը դէմքերուն նմանութեան եւ բանաստեղծը ճանչցողներուն յիշողութեան հիմամբ: 1872-ին Պ. Դուրեանի մարմինը թաղուած է Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ: 1960-ականներուն վերջաւորութեան որոշուեցաւ գերեզմանատան տարածքին վրայ ճանապարհ կառուցել եւ գերեզմանը տեղափոխելու հարց յառաջացաւ: Այդ ժամանակ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեան կրցաւ ծածուկ, սքեմին տակ պահելով, Հայաստան բերել բանաստեղծին գանկը եւ յանձնել Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ին: Վեհափառն ալ, իր կարգին, 1969-ին, գանկին բեկորները ի պահ յանձնեց թանգարանին:

Պետրոս Դուրեանի գանկը հողին յանձնելու հարցը 2009-ին քննարկուած էր թանգարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան հանդիպումներու ընթացքին, իսկ հարցին վերջնական որոշումը  տրուած է Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ:

Ակադեմիկոս, մարդաբան, գանկաբան Անդրանիկ Ճաղարեան գանկի բեկորներու հիման վրայ վերականգնած է Դուրեանի իրական դէմքը եւ ստեղծած է քանդակը: Հենրիկ Բախչինեան յոյս յայտնած է, որ օր մը կարելի պիտի ըլլայ Դուրեանի պրոնզաձոյլ արձանը տեղադրել պանթէոնին մէջ եւ այդպիսով պիտի ապահովուի արեւմտահայ գրականութեան ներկայութիւնը մայր հայրենիքին մէջ:

 

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յաջորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ. ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՈՍԿԻ ԱՌԻԹՆԵՐ ՉԵՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՐ ՊԱՔՈՒԻ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 18, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 4, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.