Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Կը Ստեղծէ «Էմոճիները»

Յուլիս 17, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մենք բոլորս ծանօթ ենք «Էմոճի»-ներուն. անոնք կը գործածուին աշխարհի չորս կողմը եւ դարձած են համաշխարհային «լեզու» մը: Սակայն գիտէի՞ր, թէ անոնք կ՛ընտրուին երկար ուսումնասիրութիւններէ ետք, որպէսզի անոնք բոլորին կողմէ հասկնալի դառնան:

Էմոճին ճափոնական բառ մըն է, որ կը նշանակէ «պատկեր» (է) + «գիր» (մոճի): Ծագումով անոնք կը ներկայացնէին ելեկտրոնային հաղորդագրութիւններուն եւ ճափոնական կայքէջներուն վրայ երեւցող փոքրիկ պատկերները: Ապա այս պատկերները տարածուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ:

Այբուբենի մը նման, իւրաքանչիւր էմոճի կը համապատասխանէ համակարգչային ծածկագրուածի մը (քոտ), փոինթ քոտի օրինակի համար` ժպտուն երեսի քոտը U+1F600 է: Այս գրութեան ձեւն է, որ կարելիութիւն կու տայ ամէն տեսակի համակարգիչներու եւ բջիջային հեռաձայններու նոյն էմոճիները ունենալու եւ ցուցադրելու:

Ո՞վ կ՛որոշէ

1991 թուականէն ի վեր «Քոնսորթիոմ քոնիքոտ» անունով ընկերակցութիւնն է, որ կ՛ուսումնասիրէ բոլոր առաջարկները եւ կ՛որոշէ նոր էմոճիներու պատկերները: Այս ընկերակցութեան մաս կը կազմեն տարբեր հաստատութիւններէ անդամներ, որոնք մեծ դեր կը խաղան նոր արհեստագիտութեան զարգացումի մարզին մէջ, ինչպէս` Ֆէյսպուք, Մայքրոսոֆթ, Կուկըլ, Հուաուէյ, Թուիթթըր… Ներկայացուցիչները տարուան ընթացքին բազմաթիւ ժողովներ կը գումարեն եւ տարին մէկ անգամ այս պատկերներով լեզուին նոր տարբերակը կը յայտնաբերեն:

Ոեւէ մէկը կրնայ առաջարկ մը ներկայացնել, սակայն անոր պէտք է ընկերանան շատ հաստատ  եւ համոզիչ փաստեր: Ներկայի բոլոր էմոճիները ունին հասարակաց կէտ մը: Անոնք շատ խիստ եւ մանրամասն քննութեան ենթարկուած են` վստահ ըլլալու, թէ անոնք հասկնալի կրնան ըլլալ բոլորին կողմէ:

Սակայն հակառակ այս բոլորին, մենք չենք կրնար ըսել, թէ էմոճիները դարձած են նոր լեզու մը: Անոնք կը գտնուին պարզապէս բառերու ընկերակցելու, զանոնք ճշդելու, որպէսզի կարգ մը «գրուած» հաղորդագրութիւններ սխալ չհասկցուին… եւ անշուշտ նաեւ քիչ մը զուարճանալու համար:

Աշխարհի Ամէնէն Խորունկ
Լողաւազանը

Մենք անցեալ շաբաթ ուղղուեցանք դէպի Տուպայ` այցելելու աշխարհի ամէնէն բարձր լողաւազանը: Սակայն գիտէի՞ր, թէ Տուպայի մէջ է նաեւ, որ կը գտնուի ամէնէն խորունկ լողաւազանը: Այս ձեւով Տուպայ կ՛արձանագրէ ուրիշ մրցանիշ մը եւս…

***

27 յունիսին բացումը կատարուեցաւ «Տիփ տայվ Տուպայ»-ի, որ ամէնէն խորունկ լողաւազանի տիտղոսը խլեց Լեհաստան գտնուող 45 մեթր խորունկ Տիփսփոթ լողաւազանէն:

Տուպայի լողաւազանը ունի 60,2 մեթր խորութիւն եւ կը պարունակէ 14 միլիոն լիթր տաք ջուր` համապատասխան վեց ողիմպիական լողաւազաններու: Լողաւազանը շինուած է ոստրէէ եւ այցելուներու կ՛առաջարկէ «Խորտակուած քաղաքը» անունով «պտոյտ» մը, 30 աստիճան տաքութեամբ ջուրի մը մէջ: Այս ընդծովեայ արկածախնդրութեան կրնան մասնակցիլ 10 տարեկանէն բարձր սուզուողներ, որոնց պիտի ընկերանայ առաջնորդ մը:

Իւրաքանչիւրի մակարդակին համաձայն, սուզուողները կրնան իջնել իրենց ուզած խորութիւնը, եւ մասնակցիլ առաջարկուած տարբեր ժամանցներուն` հեծիկ, պէյպի ֆութ… Վայրը ամբողջովին ապահով է եւ օժտուած ընդծովեայ 56 քամերաներով. սակայն լողաւազանը հսկայական աքուարիոմ մը չէ, որովհետեւ հոն չեն ապրիր ծովային անասուններ:

Եթէ առիթը ունեցանք այցելելու այս հետաքրքրական վայրը, միակ խրատը, զոր ձեզի կը տրուի պիտի ըլլայ այն, որ այդ ընդծովեայ «պտոյտէ» ետք անմիջապէս չելլել 828 մեթր բարձրութիւն ունեցող աշխարհի ամէնէն բարձր շինութիւնը` Պուրժ Խալիֆա. նման սուզումէ մը ետք, պէտք է սպասել 18-24 ժամ դարձեալ աւելի քան 300 մեթր բարձրութիւն ելլելէ առաջ:

Գիտէի՞ր, Թէ

– 17 յուլիսը «Էմոճիներու միջազգային օր»-ն է: Իսկ գիտէի՞ր նաեւ, թէ այս թուականը ընտրուած է պարզապէս, որովհետեւ այս օրն է, որ կ՛երեւի «օրացոյց էմոճիին» վրայ:

– Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններուն, աշխարհի շուրջ օրական աւելի քան 6 միլիառ էմոճիներ կը ղրկուին:

– Կարգ մը մասնագէտներ կը հաստատեն, թէ առաջին էմոճին յայտնաբերուած է բանաստեղծութեան մը վերջաւորութեան… 1648-ին:

– Ճիշդ է, որ էմոճիները յայտնուեցան 1990-ական թուականներուն վերջաւորութեան, սակայն անոնց «նախահայրերը»` էմոթիքոններուն մեծ մասը, արդէն Ճափոնի մէջ կը գործածուէր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին` 1982-ի շուրջ:

– 2020 թուականին 117 նոր էմոճիներ լոյս տեսան, եւ էմոճիներու ընդհանուր թիւը հասաւ 3304-ի:

– Ներկայի էմոճիներու տարբերակը կը կրէ Unicode 13.0 թիւը. մինչ Unicode 14-ի ցանկը մեր հեռաձայններուն վրայ պիտի յայտնուի 2022 թուականին:

– 2021-ին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով, միայն 5 նոր էմոճիներ լոյս տեսան` յոգնութենէն փչող դէմք մը, ամպերուն մէջ կորսուած դէմք մը (շփոթ), պարուրաձեւ աչքերով դէմք մը (յոգնութիւն, գլխապտոյտ), վիրակապով կոտրտուած սիրտ մը եւ բռնկող սիրտ մը:

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր 1-100 յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր անձի նուագած գործիքը:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 16 Յուլիս 2021)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Վիրաւոր Եղնիկը

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?