Իտալական Ա. Սէ. Միլանի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարումա, որ նախորդ շաբաթավերջին իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, երէկ` չորեքշաբթի, 14 յուլիսին պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:
Նշուեցաւ, որ իտալացի 22 տարեկան բերդապահը մինչեւ 2026-ի ամառ, պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մայրաքաղաքի կազմին հետ, բնականաբար բժշկական յաջող քննութիւններու ենթարկուելէ ետք:
«Շատ ուրախ եմ, որ կը միանամ Փարիզ Սեն Ժերմենի նման հիանալի ակումբի մը: Կը զգամ, որ պատրաստ եմ նոր մարտահրաւէր մը վերցնելու եւ նոր կազմիս հետ նորանոր նուաճումներու հասնելու», ըսաւ Տոնարումա: