Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանի Խորհրդարանը Կը Քննէ Արցախի Գրաւեալ Հողերուն Վրայ Յոյն Դեսպանի Ներկայութեան Գայթակղութիւնը

July 15, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր երէկուան թիւով ներկայացուցած էինք ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի նամակը, որ ղրկուեցաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասին:

Նամակին մէջ յանձնախումբը յստակ բացատրութիւն կը պահանջէր նախարարէն` Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Նիքոլաոս Փիփերիկոսի մասնակցութեամբ Պաքուի վարչակարգին կողմէ բեմադրուած այցելութեան, որ կը միտէր միջազգային ընտանիքին առջեւ օրինականացնել եւ հաստատել Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները: Հայ դատի յանձնախումբի նամակը մեծ արձագանգ գտաւ յունական հանրային կարծիքին մօտ, որ ընկերային ցանցերու եւ մանաւանդ զանազան լրատուամիջոցներու կողմէ լայնօրէն տարածուեցաւ:

Յունաստանի դեսպանին արարքը արժանացաւ յոյներու քննադատութեան ու դատապարտանքին: Նամակին արձանագրած տարածումին լոյսին տակ, Յունաստանի խորհրդարանի հայ-յունական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ, երեսփոխան Նինա Քասիմաթի խորհրդարանին մէջ հարցում ուղղեց արտաքին գործոց նախարարին` բացատրութիւն պահանջելով բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ կազմակերպուած դիւանագէտներու այցելութեան յոյն դեսպանին մասնակցութեան համար:

Երեսփոխան Քասիմաթի նաեւ արտաքին գործոց նախարարութիւն յղեց ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի նամակը եւ նախարարէն պահանջեց ներկայանալ խորհրդարան ու տեղեկութիւններ ներկայացնել երեսփոխանական կազմին: Նշենք նաեւ, որ Յունաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոծիաս, ընկերային ցանցերուն մէջ ունեցած իր էջին միջոցով ամօթալի որակեց յոյն դեսպանին մասնակցութիւնը «հայերու դէմ ազրպէյճանական յաղթանակի տօնախմբութիւններուն»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Թղթածրարի Միջազգայնացման Մթնոլորտին Մէջ. Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Պաշտօնական Պաքուն Կը Փորձէ Լարուածութեան Նոր Օճախներ Ստեղծել»

RelatedPosts

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

January 9, 2026
Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին  Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար
Հայկական

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար

January 6, 2026
Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած  Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան
Հայկական

Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.