Վաղը` հինգշաբթի, 15 յուլիսին, «Եուրոփա Քոնֆերընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արարատ, Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ֆեներվարը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երեւանեան ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ խումբին համակիրներուն համար տրամադրուած պիտի ըլլան անվճար փոխադրակառքեր, որոնք պիտի մեկնին դէպի Գիւմրի` մրցումին կայացման վայրը:
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ երթի մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:



