Աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի երկրորդ օրուան մրցումներուն, որոնք կատարուեցան երէկ, տղոց մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Շանթ Սարգսեան արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` պարտութեան մատնելով քոլոմպիացի իր մրցակիցը, եւ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը, ուր իրեն մրցակից պիտի ունենայ ազրպէյճանցի Նիճաթ Ապասովը:
Անոր նման Բ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ աղջկանց մրցումներուն մասնակցող Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Էլինա Դանիէլեան:
Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան, որոնք ապահովելու համար Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը, թայ պրէյքի մրցումներ կատարեցին, պարտութիւններ կրելով դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Նշենք, որ Լեւոն Արոնեան եւ Գաբրիէլ Սարգեան իրենց մրցումներուն կը սկսին Բ. հանգրուանէն սկսեալ (15 յուլիս):
Այս մրցաշարքը, որ կը կատարուի Սոչիի մէջ (Ռուսիա), իր աւարտին կը հասնի 6 օգոստոսին:



