Երէկ` երեքշաբթի, 13 յուլիսին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ), տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոն-Սաժես հանդիպում մը:
Ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, որ ընդունեց Սաժեսի նախագահ Էլի Եահշուշին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, քննարկեց այս մարզը յուզող հարցեր:
Եահշուշի յայտնեց, որ նախ եւ առաջ կը շնորհաւորէ ֆետերասիոնը, որ հակառակ բաւական դժուար պայմաններուն, յաջողեցաւ իր աւարտին հասցնել Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը:
Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ կը գնահատէ ֆետերասիոնին տարած աշխատանքը` իւրաքանչիւր ախոյեանութիւն կամ մրցաշարք յաջողութեամբ իր աւարտին հասցնելու համար:
Իր կարգին խօսք առնելով Հալապի նախ եւ առաջ շնորհաւորեց Էլի Եահշուշին եւ ակումբին մնացեալ անդամները, որոնք նոր նստաշրջանի մը համար դարձեալ պիտի պաշտօնավարեն` ընտրութիւնները շահելով առանց մրցակից թեկնածուներու գոյութեան:
Հալապի յոյս յայտնեց, որ շատ հաւանաբար տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին մեկնարկը տրուի յառաջիկայ սեպտեմբերին:




