Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «չելընճըրզ» մրցաշարքերուն Դ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը, կրեց ծանր պարտութիւն մը` Զուիցերիայէն, 88-51 արդիւնքով:
Կիսախաղին հայրենի կազմը կը պարտուէր 45-24 արդիւնքով:
Վահագն Յարութիւնեանի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ 15 յուլիսին` մրցելով Ուքրանիոյ դէմ:
Այս հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ նախկին «Միքա» մարզահամալիրին մէջ եւ անոր մուտքը ազատ է:



