Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԽԻԶԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՆ Է

February 7, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէական յանցանք նկատող Զուիցերիոյ մէջ իր դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան ետին պահուըտելով «խիզախօրէն» մարտահրաւէր կարդաց Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն` «անվախ» կերպով յայտարարելով. «1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն, թող գան զիս ձերբակալեն»: Եթէ «քաջն» Պաղըշ օտար պետութեան մը ներկայացուցիչը չըլլար, ան Տողու Փերինչեքին ոչ միայն ազգակից, այլ նաեւ ճակատագրակից պիտի ըլլար:

Պաղըշ թերեւս հետագային պետական աւելի բարձր պաշտօնի մը տիրանալու համար ենթահող պատրաստելով` «Թուտէյզ Զաման»-ի հետ զրոյցի մը ճամբով իր կենսագրական գիծերուն (Սի.Վի.) վրայ «քաջագործ» ըլլալու վերոնշեալ «փաստին» կողքին փորձած է նաեւ «իմաստութեան» տուեալ մըն ալ աւելցնել: Ան կը յայտարարէ, որ «Հայոց ցեղասպանութեան` փաստերով ապացուցման պարագային Թուրքիա հայերէն ներում պիտի հայցէ»: Ի՜նչ վեհանձնութիւն:

Նախ եւ առաջ նշենք, որ «Հայոց ցեղասպանութեան` փաստերով ապացուցման» որեւէ փորձ ինքնին այդ անհերքելի պատմական փաստը հարցականի տակ առնել կը նշանակէ եւ այդպիսով կ՛իրականացնէ զայն քննարկելի ու վիճելի հարցի վերածելու Անգարայի երկարատեւ երազը: Երկրորդ` հայ ժողովուրդի թրքական իշխանութիւններէն պահանջածը պարզապէս ներման հայց մը չէ, այլ փոխհատուցում եւ իրաւունքներու վերականգնում, ուրեմն սպասել, որ հայկական կողմը սնամէջ ներման հայցի մը խոստումին սիրոյն ցեղասպանութեան նման լուրջ հարց մը սակարկութեան դնէ, պարզապէս անմտութիւն է եւ ոչ թէ իմաստութիւն:

Թուրք նախարարը իր զրոյցին ընթացքին նաեւ կը պահանջէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը ոչ միայն «գիտականօրէն ու պատմականօրէն, եւ որ աւելի կարեւոր է, միաձայնութեամբ ճանչցուի իբրեւ իրական փաստ», որպէսզի Անգարա իր ներումի թէական հայցը ներկայացնէ հայկական կողմին: Միաձայնութիւնը պայման մըն է, որ հրէական Ողջակիզումը եւս չ՛ամբողջացներ, սակայն այդ իրողութիւնը անոր պատմական փաստ ըլլալը չի հերքեր եւ արգելք չի հանդիսանար, որ Թուրքիա ճանչնայ զայն: Թրքական կողմը այս արգելակիչ պայմանները կը շարէ, որպէսզի հայկական կողմէն հնչելիք մերժումը իբրեւ ժխտական կեցուածք շեփորէ: Ողջմիտ ոեւէ անհատի համար յստակ է, թէ թրքական սոյն կեցուածքը ոչ կառուցողական է: Ինչ որ զարմանալի չէ, որովհետեւ նմանօրինակ նախապայմաններ առաջադրելու սովոր թրքական իշխանութիւնները ոչ կառուցողական կեցուածքներու մէջ անմրցելի են:

Պաղըշ նաեւ կը նշէ, որ թրքական կողմը պատմութեան արխիւները բանալու եւ ուսումնասիրութիւն կատարելու առաջարկով դիմած էր, սակայն «ցաւ ի սիրտ, Հայաստանի կառավարութիւնը այդ առաջարկը ընդունելու խիզախութիւնը չունեցաւ»: Ան կը մոռնայ, թէ անձնատուութիւնը կամ անձնասպանութիւնը խիզախութիւն չէ, այլ` անմտութիւն: Այսօր եթէ կայ կողմ մը, որմէ խիզախութիւն կը պահանջուի, ատիկա թրքականն է: Խիզախութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճշմարտութիւնը ճանչնալն է, ոչ թէ անձեռնմխելիութեան ետին պահուըտելով կամ ընդհանրապէս զայն ժխտելը:

 

 

 

Նախորդը

«ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ԵՒ ԷՔԻՒՄԵՆԻԶՄ» ՆԻՒԹՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Յաջորդը

«ԴՐՕՇԱԿ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՆՊԱՏԱԿԻ ՁԵՒԱԿԵՐՊՈՒՄ ԿԱՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.