Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին գլխաւոր մարզիչ Սթանիսլաւ Չերչեսով երէկ ներկայացուց իր հրաժարականը: Լուրը հաղորդեց Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ երկու կողմերը համաձայնած են իրենց համագործակցութիւնը չշարունակել:
Չերչեսով, որ 2016-ին նշանակուեցաւ Ռուսիոյ մարզիչ, 2020-ին երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը:
Անոր հետ Ռուսիա «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին արձանագրեց ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնքներ` կրելով երկու պարտութիւն եւ արձանագրելով միայն յաղթանակ մը` Ֆինլանտայի դէմ: