Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ կատարուեցան Լիբանանի աթլեթիզմի բաժակի մրցաշարքի տարբեր տեսակի մրցումները:
Մրցումներուն երկրորդ օրը, ՀՄԸՄ Պէյրութի աթլեթները յաջողեցան տիրանալ առաջնութեան մը եւ երրորդութեան մը:
Տղոց 18 տարեկանէն վար 100 մեթր վազքի մրցումներուն, Ճոյի Թենքերեան, արձանագրելով 12” 17 արդիւնք մը, հանդիսացաւ առաջին:
Իսկ տղոց 18 տարեկանէն վար 1500 մեթր վազքի մրցումներուն երրորդ հանդիսացաւ Արմէն Եղիայեան, որ արձանագրեց 5′ 32” 95 արդիւնք մը: