Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՄԷՏ ԹՐՔԱՏԱՌ «ՖԱՔԹԷՕՐ 301» ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՆԻՒԹԵՐԸ

February 7, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայամէտ թրքատառ «Ֆաքթէօր 301» կայքէջը կը շարունակէ իր  նոր նիւթերով թարմացումներ կատարել:

Նշենք, որ թրքալեզու «Ֆաքթէօր 301» կայքէջը արդէն իր հազարաւոր ընթերցողներուն օրական եւ նոր թարմացումներով կը ծառայէ նաեւ Դիմատետրի միջոցով:

Յունուար ամիսը կ՛ընդգրկէ Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց  ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւի որդեգրման,   անոր արձագանգներուն վերաբերող լուրերով եւ յատկապէս այս մասին թրքական մամուլին մէջ տեղ գտած յօդուածներ:

Կայքէջին վրայ կը կարդանք նաեւ Սոչիի մէջ Ղարաբաղեան հակամարտութեան գծով գումարուած եռակողմանի ժողովին` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 5-րդ տարելիցին, վերլուծական յօդուածներ եւ անդրադարձներ: Յատկանշական են յատկապէս թրքական մամուլին մէջ տեղ գտած յօդուածներուն մէջ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը խօսքի ազատութեան ոտնակոխում նկատելու երեւոյթին եւ այս ճամբով Թուրքիոյ ներքին ճակատին եղած անդրադարձին:

«Ֆաքթէօր 301» կայքէջը նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայկական կեանքին վերաբերող տարբեր լուրեր եւ հայութեան մասին յօդուածներ:

Ստորեւ`  «Ֆաքթէօր -301» կայքէջի` www.faktor301.com/-ի յունուար ամսուան բովանդակութիւնը:

«ՖԱՔԹԷՕՐ 301»-ԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ

Յունուար ամսուան խմբագրականը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 5-ամեակն ու անոր դատավարութիւնը, ինչպէս նաեւ` սպանութիւնը խօսքի ազատութեան ոտնակոխում նկատելու երեւոյթին եւ այս ճամբով Թուրքիոյ ներքին ճակատին մէջ եղած անդրադարձը:

ԼՈՒՐԵՐ

Այս ամսուան լուրերն են.

1.- ՀՅԴ Երեւանի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի մամլոյ ասուլիսը:

2.- Բեթղեհեմի մէջ ծեծվռտուկ հայ եւ յոյն կղերականներու միջեւ:

3.- Թուրքիոյ քրտական Պէ.Տէ.Փէ. կուսակցութիւնը կը շնորհաւորէ հայերու Ամանորն ու Ս. Ծնունդը:

4.- Թուրք լրագրողներ կը խոստովանին, որ թուրքեր իրենց լրատուական աղբիւրներու տուած տեղեկութիւններուն չեն հաւատար:

5.- Ալճերիոյ Վարչապետի պոռթկումը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ յատկապէս վարչապետին` ալճերիացիներու արիւնը թուրքերու կողմէ քաղաքական խաղաքարտ ըլլալուն համար:

6.- Թրքագէտ Ռուբէն ՍաՖրաստեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կը յայտնէ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ ճկունութիւններու կարիք կայ:

7.- 6 յունուարին, Ս. Ծննդեան տօնը Անթիլիասի Մայր եկեղեցւոյ մէջ:

8.- Պատմաբան եւ երեսփոխան ԵուսուՖ Հալաչօղլուի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան «նոր արխիւներ» ի յայտ կու գան:

9.- Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ քաղաքացիները կը պահանջեն Սանասարեանը:

10.- Կ. Պոլսոյ Կալաթա շրջանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վերաբացում:

11.- Հրանդ Տինքի նահատակութեան 5-րդ տարելիցին առիթով տասնեակ հազարաւորներ Կ.Պոլսոյ մէջ կը քալեն դէպի «ԱԿՕՍ»-ի խմբագրատուն:

12.- Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը եւ անոր արդիւնքը:

13.- Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը եւ անոր փաստաբաններուն արտայայտութիւնները:

14.- Հրանդ Տինքի նահատակութեան 5-րդ տարելիցին առիթով անոր ընկերներուն անունով կարդացուած պատգամը` Գարին Գարագաշլըի կողմէ:

15.- Թուրք անուանի լրագրող Ահմեթ Հաքան Սի.Էն.Էն.-Թուրք պատկերասփիւռի կայանէն ուղիղ եթերի ընթացքին հեռաձայնային վիճաբանութենէ մը մեկնած` «Ես հայ եմ»:

16.- Հրանդ Տինքի նահատակութեան 5-րդ տարելիցին առիթով յուշաքար` անոր սպանութեան վայր մայթին վրայ:

17.- Ֆրանսայի նախագահին նամակը Թուրքիոյ վարչապետին

18.- Ֆրանսայի ծերակոյտը կը վաւերացնէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

19.- Ֆրանսայի ծերակոյտը ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնէ ետք խորհրդարանի անդամ Վալերի Պոյեր ուրախութենէն չի կրնար լացը զսպել:

20.- Թուրքիոյ վարչապետը Ֆրանսայի նախագահին դէմ սուր քննադատութիւններ կ՛ուղղէ:

21.- Պատմագէտ Աշոտ Մելքոնեան կ՛անդրադառնայ Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին:

22.- Սի.Էն.Էն.-Թուրք պատկերասփիւռի կայանէն ուղիղ եթերի ընթացքին վիճաբանութիւն` Հրանդ Տինքի սպանութեան շուրջ:

23.- Հայկ Դեմոյեան. «Թուրքիոյ մէջ ոչ թուրք ժողովուրդի նկատմամբ նենգութիւն եւ ատելութիւն գոյութիւն ունի»:

24.- Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին:

25.- Ազրպէյճանական «MediaFM 105.5» ձայնասփիւռի կայանը կը կասեցնէ Ֆրանսերէն երգեր սփռելը:

26.- ՀՅԴ Լիբանանի Կոմիտէի եւ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի այցը` Լիբանանի իշխանութեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:

ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Այս գլխուն մէջ կը կարդանք երկու կարեւոր յօդուածներ

1.- Վերջերս ձերբակալուած Ռակըպ Զարաքօլուի` «Հայեր օսմանեան զօրքին մէջ»:

2.- Թուրք անուանի լրագրող Մեհմեթ Ալի Պիրանտի` «Եկեք, մեր անցեալով մենք հաշուակցինք» խորագիրը կրող շատ կարեւոր յօդուածը:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Սայիտ Չեթինօղլուի յօդուածը` «Տէր Զօր. մարդկութեան տրամին ականատես հողը»:

ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐ

Այս ամսուան հարցազրոյցը զազա արուեստագէտ Միքայէլ Ասլանի հետ է:

ՄՇԱԿՈՅԹ ԱՐՈՒԵՍՏ

1.- Ս. Ներսէս Շնորհալի «Նամականի» գիրքի հրատարակութիւն:

2.- Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալու մասին թրքերէն հրատարակուած Ֆերտա Պալանճարի «Անձայնութեան ձայնը» գիրքի ներկայացում:

3.- Կ.Պոլսոյ «ՄԱՐՄԱՐԱ» օրաթերթի 70-ամեակի հանդիսաւոր 2 ձեռնարկներու մասին լայն անդրադարձ:

ԱԿԱՆԱՒՈՐՆԵՐ

Ականաւորներու բաժինին մէջ կը կարդանք Հրանդ Տինքի կենսագրականն ու գործունէութիւնը:

ՀԱՅԵՐՈՒ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Հայերու յուշատետրը կ՛անդրադառնայ 13 յունուար 1990-ի Պաքուի ջարդերուն:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

1.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Նոր Տարուան մաղթանքը:

2.- 2011-ի կաղանդի օրը Հայաստանի նախագահին եւ ամենայն Հայոց կաթողիկոսին այցը Հայաստանի սահմանային գիծեր:

3.- Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի Նոր տարուան մաղթանքը:

4.- 6 յունուարին Ս. Ծննդեան տօնը Ս. Էջմիածինի մէջ:

5.- Սոչիի մէջ հանդիպում` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ:

6.- Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, սփիւռքի եւ արտաքին գործոց նախարարներու շնորհակալական նամակները Ֆրանսայի:

7.- ՀՅԴ, «Ժառանգութիւն» եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւններու համաձայնութիւն:

8.- Հայոց բանակի 20-ամեակի տօնակատարութիւն:

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

1.- ԼՂՀ-ի նախագահի այցելութիւնը ԼՂՀ-Ազրպէյճանի սահմանային գիծեր:

2.- ԼՂՀ-ի նախագահի Նոր տարուան մաղթանքը:

3.- Արցախի ՀՅԴ Կ. Կոմիտէի հանդիպումը Արցախի նախագահին հետ:

4.- Հայաստանի նախագահին այցը Արցախ:

5.- Ազրպէյճանի զինուորական ուժերուն կողմէ Արցախ-Ազրպէյճանի սահմանագծին վրայ զինադադարի խախտում:

6.- Արցախի Քարինտակ գիւղի ազատագրութեան 20-ամեակը:

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հոս տեղ տրուած է թրքագէտ Լուսինէ Սահակեանի շատ կարեւոր մէկ ուսումնասիրութեան` Եղնովիտ շրջանին մասին:

ԿԻԼԻԿԻԱ

Կիլիկիոյ բաժինին մէջ կը կարդանք Այշէ Հիւրի «Ֆրանց ՎերՖել եւ Մուսա լերան 40 օրերը» խորագիրը կրող յօդուածը:

ՋԱՒԱԽՔ

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Քէն Խաչիկեանի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու մէջ Վրաստանի դեսպանին հետ` նիւթ ունենալով ջաւախահայութիւնը ընդհանրապէս:

ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ

1.- Ազրպէյճանցիներու կողմէ վայրենի ձեւով Նախիջեւանի խաչքարերու ոչնչացումը` Նաիրա Զոհրապեանի կողմէ Եւրո-Խորհրդարանի մէջ օրակարգի կէտ կը դառնայ:

ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Երեկ եւ այսօր բաժինը կ՛անդրադառնայ Կարսի Տեկորի վանքին (Ս. Սարգիս եկեղեցին) մասին եւ անոր կողքին իրար կցուած երկու լուսանկարներ, որ ցոյց կու տայ անցեալի մէջ գոյութիւն ունեցած եւ այսօր ամբողջովին քանդուած վանքը:

Նախորդը

«ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ.-Ը` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ. «ԵԹԷ ԻՆԾԻ ՀԱՐՑՆԵՆ` ՈՎ ԵՄ ԵՍ, ՊԻՏԻ ԸՍԵՄ` ՀԱՅ ԵՄ», Կ՛ԸՍԷ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՆԻԿՈԼ ՊԵԶՃԵԱՆ

Յաջորդը

ՊՈՐԻՍ ԵԼՑԻՆԸ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻՆ. «ԵՍ ՁԵԶ ՆՈՒԻՐՈՒՄ ԵՄ ԾԱՆՐ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.