Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չինաստանի դեսպան Ֆան Եուն անդրադարձած է Հայաստանի գերիշխան տարածքին մէջ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու զինուորներու գտնուելուն մասին հարցին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ան նշած է, որ այդ հարցը իրենց համար կարեւոր է, որովհետեւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Ազրպէյճանի հետ իրենք բարեկամական յարաբերութիւններ ունին:
«Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն անդրադարձած է ազրպէյճանական զինեալ ուժերու զինուորներու` Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուելու հարցին: Անգամ մը եւս շեշտեմ, որ մենք կը փորձենք երկու երկիրներուն միջեւ բանակցային հոլովոյթին միջոցով խաղաղ յարաբերութիւններ հաստատել», նշած է Ֆան Եուն:
Ան հերքած է ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած այն տեղեկութիւնը, թէ Ազրպէյճանի մէջ Չինաստանի դեսպան Կօ Մին խօսած է «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» փոխադրամիջոցային նախագիծին մէջ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ներդրման մասին:
Ան նշած է, որ իրենք կապ հաստատած են Ազրպէյճանի մէջ Չինաստանի դեսպանին հետ եւ պարզած, որ նման արտայայտութիւն չէ կատարուած:
«Չինաստանը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի: Յոյսով ենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ այս տագնապը կրնայ բանակցութիւններու միջոցով լուծուիլ, ինչ որ պատերազմէն աւելի լաւ է: Խնդիրի խաղաղ լուծման համար անհրաժեշտ բոլոր քայլերը մենք պիտի գործադրենք մեր ուժերու ներածին չափով: Այսպիսով, մենք պիտի փորձենք շրջանին մէջ ապահովել սահմանային անվտանգութիւնը», նշած է Ֆան Եոն: