ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սիւզի Գապաքեան
Տէր եւ տիկին Ժիրօ եւ Զարուհի Գապաքեան
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Սիլվա Գապաքեան եւ զաւակները` Անի եւ Լիզա
Տիար Սարգիս Խաչերեան
Տիար Վահագն Գապաքեան
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Թամար Գապաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Իրմա Տէտէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Թամար Հաշէօլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Հիլտա Սաատ եւ զաւակունք
Գապաքեան եւ Տէտէեան ընտանիքներ
Հաշէօլեան եւ Խաչերեան ընտանիքներ
Պաղտասարեան եւ Սաատ ընտանիքներ
Ուզունեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, քրոջ, մեծ մօր եւ հարազատին`
ԿԻՒԼԵՆԻԱ ԳԱՊԱՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԽԱՉԵՐԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 30 յունիս 2021-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները` հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնի միջոցով:
Գրիգոր Գապաքեան` 03-832659
Ժիրայր Գապաքեան` 70-450614
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի վարպետ կաղապարագործներու (թորնոճի): Դիմել` հեռ. 03-244967: