ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 165 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ:
«ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ» օդանաւային ընկերութիւնը երէկ յայտնեց, որ «Քորոնա» համաճարակին առումով Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանը կը նկատէ «Սպիտակ երկիրներու» դասաւորումին մէջ, հետեւաբար զբօսաշրջական «Visa Type C» ունեցող լիբանանցիները ինքնաբերաբար կրնան Ֆրանսա եւ Կիպրոս այցելել: «Սակայն եւրոպական այլ երկիրներու պարագային, զբօսաշրջական «Visa Type C» ունեցող լիբանանցիները պէտք է հետեւին տուեալ երկրին ճշդած նախապայմաններուն եւ ըստ այնմ ծրագրեն իրենց այցելութիւնը», կը նշէ «Միտըլ իսթ» ընկերութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ կէսօրին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործակատար Մարթին Լոնկտընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Լոնկտընի այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը` նկատի ունենալով Ֆրանսայի եւ Պասիլի համար անոր առաջնահերթութիւնը: Քննարկուեցան նաեւ այն արգելքները, որոնք կը խոչընդոտեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարը հաշիւ ունեցող լիբանանցիներուն անձնական գումարն է եւ անոր ձեռք տալը սահմանադրական ու օրինական խախտում է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ իր ամբողջ մտավախութիւնը այն է, որ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապը շահագործուի եւ ընչաքաղցութիւնը օրինականացուի Միջազգային դրամական ֆոնտին պատրուակով:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ քաղաքական պոռնկութեան գագաթնակէտ կը նկատուի այն իրողութիւնը, որ երկրին իշխանութեան մաս կազմող կուսակցութիւնները մասնակցին իշխանութեան դէմ բողոքի ցոյցերուն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ու Հըզպալլային կը միացնէ ազգայնականութիւնը, նոյնիսկ եթէ անոնց միջեւ տարակարծութիւններ արձանագրուին` ներքին թղթածրարներու իմաստով: Հետեւաբար անոնց միջեւ սադրանքներու ստեղծման մասին գրաւ դնող կողմերը պիտի հիասթափուին, որովհետեւ զոյգ քաղաքական ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահական պայքարը բաց յայտարարեց` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահութիւնը ստանձնած առաջին տարուընէ սկսեալ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ հարց տուաւ իշխանութեան երեք պետերուն` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որ արդեօք անոնք լիբանանցիներուն հետ նոյն մոլորակին վրա՞յ կ՛ապրին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Մայ Խրէյշ յայտնեց, որ ոմանք վարժ են այն իրականութեան, թէ քաղաքական լուծումները պէտք է գտնուին քրիստոնեաներուն հաշուոյն, «այդ պատճառով այս անգամ անոնք խելագարած են», ըսաւ ան:
«ՌԱՅ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա` խնդրելու համար, որ լիբանանեան բանակին գումակային օժանդակութիւն տրամադրող այս երկիրները, նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացնեն անոր: