ՄԱՀԱԶԴ
Հանգուցեալ Յարութիւն Տէմիրճեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Մարի Տէմիրճեան-Քէօշկերեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Յակոբ Տէմիրճեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Տիգրան Տէմիրճեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Եղիսաբէթ Չաթալճեան-Պաղտոյեանի ընտանիք
Տէմիրճեան եւ Եագուպեան ընտանիքներ
Գապաքեան եւ Քէօշկերեան ընտանիքներ
Ֆէրմանեան եւ Սնըգճեան ընտանիքներ
Արբաճեան եւ Աքքի ընտանիքներ
Պետոյեան եւ Զրէյք ընտանիքներ
Ահարոնեան եւ Մաթոյեան ընտանիքներ
Սալլաքեան եւ Խանատեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՈՎՍԱՆՆԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ-ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1940-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 17 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սեդա Գանթարճեան եւ զաւակը` Կարէն
Տիկին Մայտա Քէօշկերեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Լոտի Գանթարճեան
Տիկին Սոնա Թասլաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Միրիամ Պեզճեան (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Գարմէն Պաքալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մեսրոպ եւ Էլմա Պեզճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Գարին Վահրատեան եւ զաւակունք
Գանթարճեան եւ Եազըճեան ընտանիքներ
Սվաճեան եւ Գրագիրեան ընտանիքներ
Շէկեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՅՈՎՍԷՓ ԳԱՆԹԱՐՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 14 յունիս 2021-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 17 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 18:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնով` Սեդա Գանթարճեան (03-605909) – Կարէն Գանթարճեան (03-665078) Սարին Շէկեան (78-950795):
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել Ազգային ծերանոցին:
—————————————
ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
19-20 յունիս 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի կատարուի:
Պատարագիչ եւ ձեռնադրիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
(Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի)
Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի ստանան դպրեվանքի ընտանիքի աւարտական դասարանէն հետեւեալ սաները`
ԺԱՆ ՍՐԿ. ՍԷԼԼՈՒՄԵԱՆ
ԿԱՐԱՊԵՏ ՍՐԿ. ԷՕՐՏԵՔԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ՍՐԿ. ԹԷՆԷՔԷՃԵԱՆ
ՀԵՆՐԻԿ ՍՐԿ. ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ
ԱԲՐԱՀԱՄ ՍՐԿ. ՏԷԿԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 19 յունիս 2021
Կոչման արարողութիւն` երեկոյեան ժամը 4:30-ին
ԿԻՐԱԿԻ, 20 յունիս 2021
Սուրբ պատարագ` առաւօտեան ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն եւ օծում` առաւօտեան ժամը 10:00-ին
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
ՅԱՋՈՂ ԱՊԱԳԱՅԻ ՄԸ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ
Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը հայեցի կրթութեան կողքին ունի`
1.- Լիբանանեան ծրագիր` Ա-ԺԲ դասարաններ:
ԺԲ. դասարանը 3 բաժանմունքով` Ընկերատնտեսական (SE), Կենսաբանագիտական (LS) եւ Ընդհանուր գիտութիւններ (GS):
2.- Օտար ծրագիր (օտարահպատակներու յատուկ):
3.- Յատուկ պարագայ ունեցողներու ծրագիր (special cases):
4.- Առցանց (online) դասերու ամբողջական ծրագիր:
5.- Ֆրանսերէն լեզու` Մանկապարտէզէն մինչեւ ԺԲ. դասարան:
6.- Մանկամսուր, որ կ՛ընդունի 6 ամսականէն սկսեալ երեխաներ:
Արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան ամէն երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը:
Անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութեան եւ վստահ եղէ՛ք, որ ամէն հարցի լուծում պիտի գտնէք:
Հեռ. 04-542037
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչատուն մը կարիքը ունի վարպետ ոսկերիչի (սետեքեր) մը:
Հեռ. 01-338821 կամ 01-338376:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի վարպետ կաղապարագործներու (թորնոճի): Դիմել` հեռ. 03-244967:

