Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 17, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հռոմ

Ս. Եւ Անմահ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքին Հոգւոյն Համար

Նորոգ վախճանեալ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին մահուան առթիւ, 5 յունիսին Հռոմի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու մայրավանքին շրջափակին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ քարտ. Լէօնարտօ Սանտրի:

Իր պատգամին մէջ քարտ. Լէօնարտօ Սանտրի նշեց, թէ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին տառապանքը միահիւսուեցաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր տառապանքին, իր ծննդավայր Սուրիոյ եւ նաեւ Լիբանանի տառապանքին հետ, որ կը կրէ պատերազմի, բռնութեան, անկայունութեան ու նաեւ համաճարակին վէրքերը` հրաւիրելով ներկաները իրենց սրտերուն մէջ խորհելու պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումի մասին ու բոլոր այդ պահերուն համար գոհաբանութիւն յայտնելու Աստուծոյ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ  ետք մայրավանքին բակին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ` ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ պատրիարքին հոգւոյն:

Սուրիա

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան Այցելեց Սուրիա

4 յունիսին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան հասաւ Հալէպ: Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ծանօթացման հանդիպում: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ իր խօսքով բարի գալուստ մաղթեց: Հանդիպումին ընթացքին իւրաքանչիւր մարմին տեսերիզով ներկայացուց իր տարեկան գործունէութիւնը եւ հետագայ մարտահրաւէրները: Խանճեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց հաստատակամ աշխատանքին եւ դիմադրութեան ոգիին համար, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի ճգնաժամային օրերուն:

Նոյն օրը Զաւէն եւ Սոնա Խանճեան ամոլը այցելեց Հայ աւետ. Բեթէլ երկրդ. վարժարան, նաեւ Բեթէլ եկեղեցւոյ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, որուն դիմաց զետեղեցին ծաղկեպսակ:

* 5 յունիսին Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն` ի պատիւ Զաւէն եւ Սոնա Խանճեան ամոլին:

Նոյն օրը հիւրերը այցելեցին տասնամեայ անողոք պատերազմին ընթացքին վնասներ կրած Հալէպի հայկական եւ ոչ հայկական քանդուած թաղամասեր:

* 6 յունիսին, Հալէպի Հայ աւետարանական եկեղեցիները ունեցան միացեալ պաշտամունք` մասնակցութեամբ Կիրակնօրեայ դպրոցի, պատանի-ասպետներու, Ք. Ջ. երիտասարդաց խումբերու: Պաշտամունքի աւարտին Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով, վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան յուշանուէր մը փոխանցեց Զաւէն եւ Սոնա Խանճեաններուն` առ ի երախտագիտութիւն hալէպահայութեան հանդէպ անոնց տածած անսահման սիրոյն, հոգածութեան ու ներդրումին, յատկապէս Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ վերաշինութեան վեհ գործին սատար կանգնելու անոնց ճիգերուն:

* 7 յունիսին, Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զաւէն Խանճեանի «Հալէպ. առաջին կայարան» եւ «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ՞ իմս» գիրքերուն շնորհահանդէսը: Հանդիսութեան բացման խօսքը եւ «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ՞ իմս» գիրքի ամփոփ ներկայացումը կատարեց Լուսին Ապաճեան- ՉիլԱբօշեան, իսկ «Հալէպ. առաջին կայարան» գիրքը» ներկայացուց հալէպահայ մտաւորական, գրող, կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան: Այնուհետեւ կատարուեցաւ աւանդական գինեձօնը:

Յաջորդաբար սրտի խօսքեր արտասանցին Զաւէն Խանճեան եւ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Նոյն օրը Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս գպս. Զօպուեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց Զաւէն Խանճեանը` ընկերակցութեամբ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ համայնքի պատասխանատուներու: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ սուրիահայութեան աշխուժ կեանքին եւ Սուրիոյ վերականգնումի գործընթացին մասնակցութեան: Անդրադառնալով պատերազմի ծանր տարիներուն` Զաւէն Խանճեան գնահատեց սուրիահայութեան տոկունութիւնն ու յարատեւելու կամքը, յատկապէս մայր գաղութ Հալէպի մէջ: Կողմերը արծարծեցին ներկայ մարտահրաւէրները եւ հեռանկարները` մաղթելով, որ յառաջիկայ օրերը քրիստոնեայ բոլոր համայնքներուն համար առաւել պայծառ եւ ծաղկուն ըլլան: Զաւէն Խանճեան դրուատիքով անդրադարձաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքապետներու գործակցութեան եւ աշխուժ գործունէութեան` մասնաւորելով հայ երեք համայնքապետներուն սերտ գործակցութիւնը տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելեց թեմի պատմական եկեղեցիներէն աթոռանիստ Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի:

* 7 յունիսի երեկոյեան Հայ աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Համատարած հայութեան գոյութենական մարտահրաւէրները եւ Հալէպի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը» խորագիրը կրող դասախօսական երեկոյ: Օրուան բանախօսն էր Զաւէն Խանճեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայկական սփիւռքի կազմաւորման ընթացքը` դիտել տալով, որ ան ինքնանպատակ չէր գործեր, այլ միշտ` հայրենիքի կողքին ու հայութեան կազմակերպման ջանքերով: Խանճեան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահայութեան վերջին տասնամեակներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու բազում դժուարութիւններ` վեր առնելով Հալէպի անկոտրում կամքն ու անխափան գոյերթը:

Աւարտին վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան Սուրիոյ հայ աւետ. համայնքին անունով արծաթեայ յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Զաւէն Խանճեանը` առ ի գնահատանք Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն սուրիահայութեան մարդասիրական ծառայութիւններով սատար կանգնելուն:

Այնուհետեւ Զաւէն Խանճեան ացելեց Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ, Հաուըրտ Գարակէօզեան Հիմնարկ, «Բեթէլ» բժշկական կեդրոն եւ Քրիստոսի եկեղեցի, ուր մօտէն ծանօթացաւ տարուող աշխատանքներուն եւ բարձր գնահատեց պատերազմի տարիներուն սոյն կեդրոններուն մատուցած ծառայութիւնները եւ ուժ, կորով ու անսասան ընթացք մաղթեց բոլորին:

Բացում` Հայկական Մշակութային Շաբթուան

Հովանաւորութեամբ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի պետական համալսարանի քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան, 6 յունիսին, Հալէպի պետական համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ աւանդական դարձած «Սուրիական եւ հայկական մշակոյթներու մերձեցումը» խորագիրը կրող հայկական մշակութային շաբթուան, որուն նպատակն է սուրիացի համալսարանականներուն նախաճաշակ մը հրամցնել հայ ժողովուրդի ծագման, պատմութեան եւ մշակոյթին մասին:

Սոյն նախաձեռնութեան առաջին ձեռնարկն էր ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էին հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան պատմութիւնն ու մշակութային կարգ մը առանձնայատկութիւնները, հայոց տառերը, թարգմանչական աշխատանքը, երաժշտական գործիքներն ու երաժիշտները եւ այլն:

Դոկտ. Իպրահիմ Հատիտ անդրադարձաւ հայ ու սուրիացի ժողովուրդներու մերձեցման եւ կարեւոր համարեց սուրիահայութեան դերը Սուրիոյ ծաղկումին եւ բարագաւաճման մէջ` նկատել տալով, որ սուրիահայերը կը վայելեն ամբողջական իրաւունք պահպանելու եւ ծաղկեցնելու նաեւ հայ մշակոյթը:

Ցուցահանդէսէն ետք բժշկական համալսարանի սրահին մէջ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան: Ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Տիգրան Մեծի օրերէն մինչեւ օրս երկարող Հայաստան-Սուրիա եւ հայ-արաբ ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութեան, գործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մասին:

Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ 7 եւ 8 յունիսին:

8 յունիսին մշակութային շաբթուան գեղարուեստական համերգով Հալէպի Ճարտարապետական համալսարանին մէջ նախ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, ապա հանդէս եկաւ նաեւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի էսդրատային նուագախումբը իր մենակատարներով` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Րաֆֆի Ապէճեանի:

Ապա հանրածանօթ երգիչ Վահէ Յովհաննէսեան հայրենասիրական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:

Կիպրոս

Ս. Բարնաբաս Առաքեալի Անուամբ Նորակառոյց Եկեղեցւոյ Օծում

11 յունիսին, ընդառաջելով Կիպրոսի յոյն եկեղեցւոյ եւ համայն Կիպրոսի արքեպիսկոպոս Խրիսոսթոմոս Բ.-ի պաշտօնական հրաւէրին, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, ընկերակցութեամբ Նիկոսիոյ հովիւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանի, ներկայ գտնուեցաւ Նիկոսիոյ մէջ Ս. Բարնաբաս առաքեալի անուամբ նորակառոյց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ անոր օծման արարողութեան:

Յայտնենք, որ նոյն առիթով տեղի ունեցան չորս օրերու վրայ տարածուած յատուկ արարողութիւններ, ժամերգութիւններ, աղօթքներ, ձեռնարկներ, հանդիսութիւններ եւ պաշտօնական ճաշկերոյթ:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք սրբազանը կիպրահայ գաղութի անունով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց արքեպիսկոպոսին եւ ներկայ եղող աշխարհական թէ եկեղեցական պաշտօնական անձնաւորութեանց:

Յունաստան

Ցաւակցական Այցելութիւն` Հայ Կաթողիկէ Առաքելական Կառավարիչին

8 յունիսին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի անդամներուն, ցաւակցական այցելութիւն տուաւ կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ Յունաստանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելական կառավարիչ Յովսէփ ծ. վրդ. Պեզազեանի:

Առաջնորդ սրբազանն ու ընկերացող պատուիրակութիւնը ընդունելէ ետք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան աղօթք կատարուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Գրիգոր Պետրոս Ի. հայ կաթողիկէ պատրիարքի հոգւոյն համար:

Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ սրբազանը ցաւակցութիւն յայտնեց Յունաստանի հայոց թեմին անունով եւ մաղթեց, որ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրերուն Ս. Հոգւոյ առաջնորդութեամբ կարելի ըլլայ վաստակաւոր պատրիարքին արժանաւոր յաջորդը ընտրել: Գերապայծառը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան, եղբայրական ջերմ խօսքերուն եւ զգացումներուն համար, եւ անոր փափաքին ընդառաջելով, սրբազանը յատուկ արձանագրութիւն կատարեց այս առիթով բացուած ցաւակցական յուշամատեանին մէջ:

Միացեալ Նահանգներ

Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ընդունեց Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսը

9 յունիսին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին սրբազանը եւ հայրենի դիւանագէտը զրուցեցին Հայաստանի իրավիճակին մասին, նաեւ արծարծեցին հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր:

 

 

Նախորդը

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Ինչո՞ւ Մժեղները Ոմանց Կը Խայթեն, Ոմանց` Ոչ

RelatedPosts

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?