Հայաստանի ողիմպիական խումբը, երէկ համալրուեցաւ մարզիկով մը եւս:
Եւրոպայի նշանառութեան ախոյեանութեան Ալմիրա Կարապետեան իր արձանագրած բացառիկ արդիւնքներուն շնորհիւ (ատրճանակ, 10 մեթր) Հայաստանի համար ապահովեց «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիականի տոմս մը:
Այս լուրը երէկ պաշտօնապէս հաստատեցին Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն եւ Հայաստանի նշանառութեան ֆետերասիոնը:
Այսպիսով, ան կը դառնայ Հայաստանի 11-րդ մարզիկը, որ կ՛ապահովէ իր տոմսը:
Անկէ առաջ իրենց տոմսերը ապահոված էին Արմէն Մելիքեան, Կարէն Ասլանեան, Կարապետ Չալեան, Արթուր Ալեքսանեան (յունահռոմէական ըմբշամարտ), Արսէն Յարութիւնեան, Վազգէն Թեւանեան (ազատ ոճի ըմբշամարտ),Արթուր Դաւթեան, Լեւոն Աղասեան (մարմնամարզութիւն), Կորիւն Սողոմոնեան եւ Արման Դարչինեան (կռփամարտ):
Նշենք, որ ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսէն 8 օգոստոս:



