ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 229 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, քննարկելու համար ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն տրամադրուելիք հատուցման քարտի օրինագիծն ու զայն ֆինանսաւորելու նպատակով արտակարգ նոր հաշիւ մը յատկացնելու կարելիութիւնը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բեմը յուզող հարցերը:
ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց երեսփոխան Ուալիտ Պաարինին, որուն հետ քննարկեց Աքքարի կարիքները:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի ցուցմունքներ տուաւ 50 միլիառ լ. ոսկի փոխանցելու Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին (Տաման):
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ շեշտեց, որ կառավարութիւնը այս շաբաթավերջին կազմելու իմաստով հորիզոնին վրայ յոյսի ոչ մէկ նշոյլ կայ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Լիբանանին օժանդակելու Իրաքի նախաձեռնութիւնը փրկութեան քայլ մը կը նկատուի:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ չարաշահումն ու մենատէրներու պաշտպանութիւնը հիմնական պատճառներն են երկրին տագնապին վատթարացման:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ երկրին մէջ տիրող տագնապին լուծման միակ ձեւը կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումն է: Անդրադառնալով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւններուն` Ժեմայէլ նշեց, որ Իրանէն վառելանիւթ գնելու հարցը Լիբանանը կ՛ենթարկէ պատժամիջոցներու` նկատի ունենալով, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցներ կան: «Լիբանանը պատժամիջոցներու ենթարկելու հաւանականութիւնը ոչ ոք կրնայ հանդուրժել», ըսաւ Ժեմայէլ: