Երեքշաբթի, 8 յունիսին, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը պիտի մրցի Ֆարօ կղզիներու իր հասակակիցներուն դէմ` վերջինիս Թոֆթիր քաղաքի մարզադաշտին վրայ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:30-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Հայրենի կազմը երէկ կատարեց իր վերջին փորձը, նախքան Ֆարօ կղզիներ մեկնումը:
Նշենք, որ 21 տարեկանէն վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռաֆայէլ Նազարեան: