Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Քաուչուկէ անիւները մեծ ապականում կը պատճառեն: Սակայն Հնդկաստանի մէջ ընկերակցութեան մը նախագահը` Փուճա Ռէյ գտած է միջոց մը` այդ անիւները գործածելու օգտակար կերպով:
Ընկերակցութիւնը կը հաւաքէ գործածուած անիւները, կը ստուգէ, թէ անոնց վրայ մանուկներու համար վտանգաւոր ոչինչ կայ, կը մաքրէ եւ կը ներկէ: Այս նորոգութենէն ետք, անիւները կը դառնան փիղեր, որոնց վրայ մանուկները կրնան բարձրանալ, կը դառնան պատեր, որոնց վրայ անոնք կրնան մագլցիլ, կը դառնան ճամբաներ` ծակերուն մէջ ցատկելով յառաջանալու համար, օրօրոցներ` զուարճանալու համար…
2016 թուականէն ի վեր նման 283 խաղավայրեր բացուած են: Աւելի քան 800 կամաւորներ մասնակցած են անոնց կառուցումին` մեծ զուարճութիւն պատճառելով աւելի քան 150 հազար մանուկներու:
11 Տարեկան Ռայըն Եւ Վերամշակումի
Իր Անձնական Ընկերութիւնը
11 տարեկան Ռայըն Հեքման վերամշակումի իր անձնական հաստատութիւնը հիմնած է Քալիֆորնիոյ մէջ: Այս ձեւով ան արդէն վերամշակումի համար հաւաքած է աւելի քան մէկ միլիոն թիթեղէ տուփեր եւ ապակիէ շիշեր:
* * *
Բնապահպանութեան այս սիրահարը արդէն երեքուկէս տարեկանէն ի վեր սկսած էր վերամշակումի համար զտել տան աղբերը: Փոքրիկ տարիքէն անոր առաքելութիւնը եղած է բնապահպանումը: Իր հօրը հետ վերամշակումի կեդրոն մը այցելութեան ընթացքին է, որ կը յղանայ իր գաղափարը:
Այս ձեւով, այժմ, 11 տարեկանին, Ռայըն կը կառավարէ վերամշակումի իր անձնական ընկերութիւնը «Ռայըն՛զ Ռիսայքլինկ»: Իր այս փոքրիկ հաստատութիւնը շատ լաւ կը բանի, եւ բազմաթիւ յաճախորդներ անոր կը դիմեն: Ան արդէն վերամշակած է 1.294.499 թիթեղէ տուփեր եւ ապակիէ շիշեր, այսինքն` աւելի քան 65 հազար քիլօ: Իր հաստատութեան շնորհիւ հաւաքուած դրամը պիտի ծառայէ իր ուսման ծախսերը հոգալու, մինչ շահոյթէն այլ մաս մը ան կը նուիրէ «Փասիֆիք մարին մամըլ սենթըրին», ուր կը խնամուին եւ կը պահուին վիրաւոր ծովային ստնաւոր անասուններ: Այս ձեւով ան կրցած է այդ ընկերակցութեան նուիրել 13.030 տոլար:
Ռայըն կը բացատրէ, որ եթէ միլիոնաւոր եւ միլիոնաւոր անձեր վերամշակեն մէկ թիթեղէ տուփ մը կամ մէկ ապակիէ շիշ մը, միլիոնաւոր եւ միլիոնաւոր թիթեղներ եւ ապակիէ շիշեր վերամշակուած կ՛ըլլան:
Ալֆա Տոկ
Արդեօք կ՛երազե՞ս ունենալ շուն մը` հետդ պտտցնելու, անոր հետ վազելու, խաղալու համար, սակայն չես ուզեր օրական երկու անգամ զայն դուրս հանել իր պէտքերը հոգալու համար, կամ չմոռնալ անոր ուտելիք դնել… Չինացիները գտած են լուծումը, անոր անունը` «Ալֆա տոկ»:
Ալֆա տոկ մեքենայէ շուն մըն է, որ շատ լաւ կ՛ենթարկուի, չի հաչեր, չի խածներ եւ գորգին վրայ չ՛աղտոտեր:
Ճիշդ է, որ ան ո՛չ պոչ ունի,ո՛չ ալ գլուխ, սակայն ան աշխարհի ամէնէն արագ մեքենայ-շունն է եւ կրնայ վազել ժամական 15 քմ արագութեամբ:
Եթէ հետաքրքրուած էք նման «անասուն» մը ունենալով` իբրեւ ընկերակից, անոր գինը մօտաւորապէս 3000 տոլար է… Չինաստանի մէջ արդէն 1800 «շունիկներ» իրենց նոր տէրերուն յանձնուած են:
Բոպիկ Ոտքով Մրցանիշ
27 տարեկան սպանացի Քարիմ էլ Հայանի կէս մարաթոն մը վազած է առանց կօշիկի, ո՛չ ալ գուլպայի, սառած գետնի մը վրայ:
Բոպիկ մարզիկը 21.09754 քմ իր վազքը աւարտած է 1 ժամ 36 վայրկեանէն, Քանատայի Քեպեք քաղաքի Պոփորի լիճի սառած ափերուն վրայ:
Այս ձեւով ան կոտրած է Հոլանտայի Ուիմ Հոֆի մրցանիշը. այս վերջինը 2007-ին ձիւնին վրայ կէս մարաթոն իր բոպիկ վազքը աւարտած էր 2 ժամ 6 վայրկեանէն:
Հարցարան
1.- Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն երկար գետը:
ա.- Ամազոն, բ.- Նեղոս, գ.- Միսսիսիփի:
2.- Ո՞րն է Եւրոպայի ամէնէն մեծ քաղաքը:
ա.- Լոնտոն, բ.- Փարիզ, գ.- Պերլին:
3.- Քանի՞ արաբական երկիրներ կը գտնուին ափրիկեան ցամաքամասին վրայ:
ա – 9, բ – 12, գ – 5:
4.- Ո՞ր տեսակի քարերը ամէնէն տոկունն են:
ա.- Երկաթաքարերը, բ.- զմրուխտները, գ.- անդամանդէ քարերը:
5.- Ո՞ր ցամաքամասին վրայ կը գտնուի ամազոն գետը:
ա.- Հիւսիսային Ամերիկա, բ.- Հարաւային Ամերիկա, գ.- Ասիա:
6.- Ո՞ր երկիրը ճանչցուած է նապաստակներու երկիր:
ա.- Սպանիա, բ.- Արժանթինը, գ.- Աւստրալիա:
7.- Ո՞րն է ամերիկեան ցամաքամասին ամէնէն բարձր լեռը:
ա.- Սթենլի լեռը, բ.- Քենիա լեռը, գ.- Քիլիմանճարօ լեռը:
8.- Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ էակը:
ա.- Կապոյտ կէտը, բ.- փիղը, գ.- ընձուղտը:
9.- Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն խելացի անասունը:
ա.- Դլփինը, բ.- կապիկը, գ.- ընգղան:
10.- Ո՞ր անասունը ունի ամէնէն լաւ յիշողութիւնը:
ա.- Կապիկը, բ.- փիղը, գ.- ուղտը:
11.- Ո՞րն է ցամաքի վրայ ամէնէն մեծ անասունը:
ա.- Ընձուղտը, բ.- փիղը, գ.- արջը:
12.- Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն արագ միջատը:
ա.- Մեղուն, բ.- Շերեփաքին, գ.- մժեղը:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց




Հարցարանին պատասխանները
1 – բ, 2 – ա, 3 – ա, 4 – գ, 5 – բ, 6- ա, 7 – գ, 8 – ա, 9 – գ, 10 – գ, 11 – ա, 12 – գ: