Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հասաւ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմ, ուր վաղը` շաբաթ, 5 յունիսին, պիտի կատարէ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում` «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Շուէտի դէմ:
Շուէտի դէմ տեղի ունենալիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչպէս ծանօթ է, 1 յունիսին Հայաստան 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Խրուաթիոյ հետ, սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորութեամբ` այսպիսով իր անպարտելի մրցումներու շարքը հասցնելով 9-ի: