Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի ֆետերասիոններուն, «Ռիպաունտ» ակադեմիան Ժըտէյտէի իր դաշտերուն վրայ հիւրընկալեց ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի բացառիկ յատկութիւններու, որոնց կարգին` թրի փոյնթի, փենալթիի եւ տրիպըլի զտումի մրցումները:
Նշենք, որ տեղի ունեցան 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկան դասակարգերու երկսեռ մրցումներ:
Ակադեմիայի տնօրէն եւ մարզիչ Ռապիհ Քէյրուզ շնորհակալութիւն յայտնեց «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, որ միշտ ալ կը յաջողի լաւագոյն ձեւով հիւրընկալել իր կազմակերպած մրցաշարքերը: