Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան, Ալաշկերտի յառաջապահ Դաւիթ Դաւիթեանով մօտէն հետաքրքրուած են Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Խիմքին, Ուֆան եւ ղազախական Ասթանան:
23 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը հայկական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարուան 2 օգոստոսը:
Նշենք, որ Դաւիթեան վերջերս հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, սակայն վնասուածքի պատճառով չկրցաւ միանալ հաւաքականին:
Հայաստանի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 19 մրցումի, նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:



