Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնով զրուցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Հաստատուած է ռուս-ազրպէյճանական համակողմանի փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման փոխադարձ տրամադրուածութիւնը: Տարբեր մակարդակներով հետագայ հաղորդակցութիւններուն վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացած է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փութինն ու Ալիեւը զիրար ջերմօրէն շնորհաւորած են Համաշխարհային Բ. պատերազմին արձանագրուած յաղթանակի 76-ամեակին առիթով` նշելով, որ երկու երկիրներուն մէջ ալ սրբօրէն կը յարգեն մարտիկներու սխրանքի յիշատակը եւ խորապէս շնորհակալ են վեթերաններէն, որոնք անմնացորդ հերոսութիւն եւ անձնուիրութիւն դրսեւորած են: