Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 5 մայիսին, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, Անսարի դաշտին վրայ մրցեցաւ Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆի դէմ:
Մրցումը կարեւոր էր այն իմաստով, որ յաղթական խումբը պիտի ապահովէր յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, մինչ պարտուած խումբը դուրս պիտի մնար ախոյեանութեան պայքարէն:
Արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Թաատոտ ինք եղաւ յաջորդ հանգրուանին հասնող խումբը, մինչ ՀՄԸՄ-ի կազմը դուրս մնաց մրցաշարքէն: