Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի (ՖԻՏԷ) նախագահ, «Սքոլքովօ» հիմնադրամի նախագահ Արկադի Տվորքովիչը:
Այս հանդիպումին ընթացքին փոխանակուեցան միտքեր Հայաստանի մէջ այս մարզը զարգացնելու, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Հայաստանի մէջ ճատրակի հարուստ աւանդութիւնները պահպանելու եւ զարգացնելու կարեւորութիւնը:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ «Սքոլքովօ» միջազգային գիտակրթական կեդրոնին հետ նախագահական «ԱԹՈՄ» նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւններուն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:



