«Քրիսթի՛զ» աճուրդի տան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ քաթալոնական Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի խաղակօշիկները ծախուեցան մրցանշային գինով` 144 հազար եւրոյի:
36 տարեկան Մեսսի իր այս խաղակօշիկներով իր արհեստավարժ ասպարէզին 644-րդ կոլը նշանակած էր (միջազգային մրցանիշ մը) 22 դեկտեմբեր 2020-ին, Պարսելոնա-Ռէալ Վայատոլիտ մրցումին ընթացքին:
Ան այսպիսով գերազանցած էր պրազիլցի յառաջապահ Փելէի հաստատած մրցանիշը, որ 1956-1974 ժամանակամիջոցին մէկ ակումբի` Սանթոսի հետ նշանակած էր 643 կոլ: