Թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտներ Գահիրէի մէջ Եգիպտոսի ղեկավարութեան հետ կը քննարկեն երկու երկիրներուն միջեւ լիարժէք յարաբերութիւններու վերականգնումը: Այս մասին երկուշաբթի օր ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է եգիպտական դիւանագիտական աղբիւր մը:
«Բանակցութիւնները նախնական բնոյթ ունին եւ կը վերաբերին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման համար անհրաժեշտ միջոցներուն», հաղորդած է ռուսական լրատու գործակալութեան զրուցակիցը:
Անոր համաձայն, այս հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումը կեդրոնացած պիտի ըլլայ «Գահիրէն յուզող բոլոր հարցերուն» վրայ: «Քննարկման արդիւնքներուն հիման վրայ Գահիրէն պիտի որոշէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ապագան եւ Եգիպտոսի ու Թուրքիոյ պաշտօնատար անձերու հաղորդակցութիւններու մակարդակը», ըսած է եգիպտացի դիւանագէտը:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը նախապէս հաղորդած էր, որ Գահիրէ հասած է թրքական պատուիրակութիւնը` արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ:
«Սքայ Նիուզ» երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնականին գլխաւորութեամբ թրքական պատուիրակութիւն մը այսօր արշալոյսին կը հասնի Գահիրէ` եգիպտացի պաշտօնատարներուն հետ բանակցելու համար:



