ՄԱՀԱԶԴ
Կեսարիոյ Բարեսիրական ընկերակցութեան վարչութիւնը կը գուժէ իր երկարամեայ վաստակաշատ նախկին ատենապետին`
ԲԱՐՍԵՂ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 29 ապրիլ 2021-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Օրդ. Էլիզապեթ Գույումճեան
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Հերմինէ Կարապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ (Ժաք) եւ Շաղիկ Գույումճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ֆարահ եւ Սիլվա Տախիլ եւ զաւակունք
Յակոբ, Ռազմիկ եւ Ռոպեր Գույումճեաններ
Տիկին Սիրարփի Կիրակոսեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալիս Պալեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարօ Յակոբեան եւ զաւակունք
Ասատուրեան եւ Խարմէնճեան ընտանիքներ
Տաղլեան եւ Կարապետեան ընտանիքներ
Փանոսեան եւ Տախիլ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԲԱՐՍԵՂ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1944-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 29 ապրիլ 2021-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 30 ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնով` Յակոբ` 03-986052, Էլիզապեթ` 03-716352:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԶԱՐՈՒՀԻ ՃԵՐԻՏԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 մայիս 2021-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԿԱՐՕ ՇԱՀԻՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 մայիս 2021-ին երեք երկիրներու եկեղեցիներու մէջ` Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Քանատայի Սուրբ Աստուածածին առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, եւ Ուաշինկթընի Մերիլենտ շրջանի Սուրբ Խաչ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Տիկին Մարօ Շահինեան իր ամուսնոյն` Կարօ Ժորժ Շահինեանի մահուան քառասունքին առիթով կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը`
1.000.000 լիբ. ոսկիով:
(2 մայիս 2021)