Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Երկուշաբթի, 12 ապրիլ 1961-ին Եուրի Կակարին դարձաւ անջրպետին մէջ ճամբորդող առաջին մարդ արարածը:
Հեռաւոր ժամանակներէ ի վեր մարդիկ միշտ հետաքրքրուած են անջրպետով եւ յուսացած են օր մը հոն հասնիլ եւ ինչո՞ւ ոչ, օր մը անոր մոլորակներէն մէկուն վրայ ապրիլ: Սակայն այս երազը իրականացնելը կարելի եղաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, որովհետեւ մինչ այդ գոյութիւն չունէին պէտք եղած արհեստագիտութիւնները:
Առաջին հրթիռները
Առաջին «հրթիռները» կը յայտնուին Չինաստանի մէջ, 13-րդ դարուն: Անոնք կը բանին շնորհիւ թնդանօթի «փոշիին»` վառօդին, որ այրելով` պայթում մը կը յառաջացնէ: Պայթիւնին ուժը կարելիութիւնը կու տայ, որ հրթիռը գետնէն բարձրանայ: Սակայն այս հրթիռները բաւականաչափ զօրաւոր չեն հասնելու համար անջրպետ, հետեւաբար անոնք կը գործածուին իբրեւ զէնք:
Հարիւրաւոր տարիներ ետք մարդիկ շատ աւելի գիտելիքներ ձեռք կը ձգեն անջրպետին մասին: 18-րդ դարուն աստղադիտակներու միջոցով կարելի կ՛ըլլայ ուսումնասիրել երկինքը: Մարդիկ կը նշմարեն, որ երկրագունդը մաս կը կազմէ արեւուն շուրջ դարձող մոլորակներու խումբի մը: Այս գիտութիւններէն է, որ կը ծնի դէպի անջրպետ ճամբորդելու գաղափարը:
Գերմանական հետազօտութիւններ
19-րդ դարու վերջաւորութեան մարդիկ լրջօրէն կը մտածեն` ինչպէ՞ս յաջողեցնել նման քաջագործութիւն մը: Գիտնականները բազմաթիւ հետազօտութիւններ կը կատարեն շինելու համար մեքենայ մը, որ բաւականաչափ ուժ եւ արագութիւն ունենայ երկրագունդին մթնոլորտէն դուրս ելլելու եւ հասնելու համար անջրպետ: 20-րդ դարու սկիզբը տակաւին ո՛չ մէկը գտած էր լուծում մը: Սակայն հետազօտութիւնները կը շարունակուին յատկապէս` Գերմանիոյ մէջ:
Պատերազմի պատրաստութիւններու շրջանին` երկիրը կը շինէ բազմաթիւ հրթիռներ, որոնք, ինչպէս` չինական հրթիռները, կրնան հեռուէն դիւրութեամբ յաղթահարել թշնամին: Երբ Բ. Համաշխարհային պատերազմը կը սկսի, բանակը կը գործածէ այդ հրթիռներէն բաժին մը:
Պատերազմի վերջաւորութեան Միացեալ Նահանգները եւ Խորհրդային Միութիւնը (Ռուսիա) ձեռք կը դնեն երկրին վրայ, եւ իւրաքանչիւրը` բաժին մը հրթիռներու մասին գերմանական հետազօտութիւններուն վրայ:
Պաղ պատերազմը եւ անջրպետի նուաճումը
1947-էն սկսեալ միջազգային բախումի վերջաւորութենէն երկու տարի ետք, Միացեալ Նահանգները եւ Խորհրդային Միութիւնը կը սկսին մղելու «Պաղ պատերազմ» մը, որ պիտի տեւէ քանի մը տասնեակ տարի:
Ճիշդ է, որ երկու երկիրները իրարու դէմ պայքար կը մղեն, սակայն անոնք «իսկական» պատերազմի մէջ չեն. այս պատճառով է, որ կը գործածուի «պաղ» բառը: Իւրաքանչիւրը իր ուժը եւ հզօրութիւնը միւսին փաստելու համար կը լուծուի զէնքերու եւ նոր արհեստագիտութիւններու աշխատանքներու մէջ: Այս մթնոլորտին մէջ է, որ անջրպետի նուաճումի գաղափարը կը յայտնուի: Միացեալ Նահանգներ եւ Խորհրդային Միութիւն կ՛ուզեն առաջին հրթիռները ղրկել անջրպետ…
Այս մրցավազքին առաջին փուլը կը յաղթէ Խորհրդային Միութիւնը, որ իր «Սփութնիք» տիեզերանաւը անջրպետ կը ղրկէ 1957-ին: Նոյն տարին ան կը ղրկէ ուրիշ տիեզերանաւ մըն ալ, «Սփութնիք 2». այս անգամ անոր մէջ կը գտնուի շուն մը` Լայքան, որ դժբախտաբար պիտի չտոկայ ճամբորդութեան:
Եուրի Կակարին
Շուներով ուրիշ տիեզերանաւեր ղրկելու նոր փորձերէ ետք, երկիրը վերջապէս պատրաստ է առաջին մարդ արարածը ղրկելու անջրպետ: Երկուշաբթի, 12 ապրիլ 1961-ին Եուրի Կակարին կ՛ուղղուի դէպի անջրպետ` «Վոսթոք 1» անջրպետանաւուն մէջ:
Եուրի Կակարին ռուս աստղանաւորդ մըն է, որ ծնած է 1934-ին: Փոքր տարիքէն ան հետաքրքրուած էր օդանաւերով եւ կ՛երազէր օդաչու դառնալ: 1957-ին ան բանակ կը մտնէ իբրեւ ռազմական օդաչու: Այս ձեւով է, որ ան կ՛ընտրուի մասնակցելու «Վոսթոք» արշաւին: Իր անջրպետանաւուն մէջ աստղանաւորդը լման շրջան մը պիտի ընէ երկրագունդին շուրջ, գետնէն մօտաւորապէս 250 քմ բարձրութեան վրայ: Անոր ճամբորդութիւնը կը տեւէ 1 ժամ 48 վայրկեան: Ան կը դառնայ անջրպետին մէջ ճամբորդող առաջին մարդ արարածը:
Այլեւս անջրպետին սահմանները բաց են մարդկութեան առջեւ` հասնելու մինչեւ լուսին, եւ նոյնիսկ` ուրիշ մոլորակնե՞ր…
Հարցարան
Աշխարհին Մասին
1.- Ո՞րն է աշխարհի մէջ ամէնէն շատ խօսուող լեզուն:
ա – Չինարէնը, բ – անգլերէնը, գ – ռուսերէնը:
2.- Ո՞ր երկիրը թագաւորութիւն մը չէ, չէ ղեկավարուած թագաւորի մը կամ թագուհիի մը կողմէ, այլ ան նախագահ ունեցող հանրապետութիւն մըն է:
ա – Նորվեկիա, բ – Դանիա, գ – Ֆինլանտա:
3.- Աշխարհի անուշ ջուրի ամէնէն մեծ պահեստները կազմուած են Հիւսիսային Ամերիկայի Մեծ լիճերուն ջուրերով:
Քանի՞ հատ են լիճերը:
ա – 5, բ – 10, գ – 15:
4.- Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող քաղաքը:
ա – Թոքիօ, բ – Մեքսիքօ, գ – Լոս Անճելըս:
5.- Ո՞վ հնարած է հեռաձայնը 19-րդ դարուն:
ա -Ռ. Ռինկ, բ – Տ. Ալլօ, գ – Ս. Հ. Պել:
6.- Մեքսիքոյի մէջ ազթեքները նաեւ կը շինէին բուրգեր: Գլխաւորաբար ինչի՞ կը ծառայէին այդ բուրգերը:
ա – Գանձերը պահելու, ուր կը պահուէին մարգրիտները եւ յարգի քարերը, բ – Կայսրերու յատուկ թաղմանական վայրերու, գ – Հիմեր, որոնց վրայ կը շինուէր տաճար մը:
7.- Ո՞ր երկրին մէջ կը գտնուին Լոզան, Ժընեւ եւ Ցիւրիխ քաղաքները:
ա – Աւստրիա, բ – Զուիցերիա, գ – Նորվեկիա:
8.- Ո՞ր թուականին հնարուած է պատկերասփիւռը:
ա – 1910, բ – 1940, գ – 1970:
9.- Հռոմ քաղաքը կառուցուած է:
ա – 1 բլուրի մը վրայ, բ – 3 բլուրներու վրայ, գ – 7 բլուրներու վրայ:
10.- Ո՞ր երկրին մէջ կարելի է այցելել հին Էնքա բնակավայրը` Մաչու Փիչու:
ա – Պոլիվիա, բ – Փերու, գ – Արժանթին:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց



Պատասխաններ
1 – ա, 2 – գ, 3 – ա, 4 – ա, 5 – 7, 6 – 7, 7 – բ, 8 – բ, 9 – գ, 10 – բ: