Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. 40 Օր Քարայրի Մը Մէջ

April 10, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մարտ 14-ին սկսաւ «Տիփ Թայմ» կոչուած հետախուզական փորձը: Քառասուն օրերու ընթացքին, տասնհինգ կամաւորներ պիտի իջնեն ֆրանսական Արիէժ շրջանէն քարայրի մը խորերը եւ հոն ապրին  քառասուն օր` աշխարհէն կտրուած: Անոնք պիտի ուսումնասիրեն կեանքի ծայրայեղ պայմաններու ազդեցութիւն մարդուն մարմնին եւ ուղեղին վրայ:

***

Ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ ստորերկրեայ հետախուզութիւնը

Խմբակին տասնհինգ անդամները պիտի ապրին քառասուն օր դուրսի աշխարհէն ամբողջովին կտրուած: Քարայրին մէջ օդը մօտաւորապէս 12 աստիճան է եւ շատ խոնաւ` 95 առ հարիւր: Իւրաքանչիւր անդամ պիտի ունենայ իր անձնական վրանը` ապահով կերպով քնանալու համար: Սակայն անդամները մնացած ժամանակը պիտի անցընեն միասին ուտելով եւ գիտական փորձառութիւններ կատարելով:

Մարտահրաւէրներ

Այս հետախուզական արշաւանքին ամէնէն մեծ մարտահրաւէրներէն մէկն է քարայրին մէջ լոյսի պակասը. հոն ամբողջովին մութ է: Լամբերը աշխատցնելու համար խմբակին անդամները պիտի արտադրեն իրենց անձնական ելետրականութիւնը` հեծիկ մը աշխատցնելով: Անոնք պէտք է նաեւ իրենց ջուրը փնտռեն քարայրին մէջ, իրենց աղբերը առաւելագոյն կերպով խտացնեն` դէպի մակերես ղրկելու համար:

Առանց ժամացոյցի

Խմբակը որոշած է հետը ժամացոյց չառնել: Առանց ժամացոյցի եւ առանց օրուան լոյսին անոնք ո՛չ մէկ միջոց պիտի ունենան ժամանակը չափելու: Հետեւաբար, շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ անոնց համար ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՛ս խումբը պիտի կարենայ կեանքի կշռոյթ մը դնել:

Նպատակը

Մասնագէտները գիտեն, թէ մեզի ծանօթ աշխարհը պիտի զարգանայ եկող տարիներուն: Հետեւաբար, մարդիկ պէտք է սորվին այդ նոր ժամանակներուն պատշաճիլ: Այդ հետախուզական արշաւանքին գլխաւոր նպատակներէն մէկն է հասկնալ ինչպէս խումբ մը մարդիկ կրնան պատշաճիլ նոյնիսկ անբնական պայմաններու տակ:

Խմբակը

Հետաքրքրական է այն, թէ այս խմբակին անդամներուն մեծ մասը ո՛չ մէկ կապ ունի գիտական աշխարհին հետ: Անոնք ո՛չ մէկ փորձառութիւն ունին նման ծայրայեղ պայմաններու մէջ ապրելու: Այս պատճառով է, որ փորձառութիւնը հետաքրքրական է. ինչպէս կարելի է գտնել միջոցներ պատշաճելու շրջակայքին ամբողջական կերպով:

Նման փորձառութիւն մը տակաւին բնաւ չէ կատարուած ամբողջ խմբակի մը կողմէ: Հետեւաբար մասնագէտները անհամբեր են ուսումնասիրելու արդիւնքները քառասուն օր ետք:

Հարցարան

Բնութեան Մասին

1) Որքա՞ն է ծովու ջուրին ջերմաստիճանը 2000 մեթր խորութեան:
ա – 2 աստիճան, բ – 8 աստիճան, գ – 12 աստիճան:

2) Սուրճը կու գայ բոյսէ մը. սակայն բոյսին ո՞ր բաժինն է, որ կը գործածուի սուրճ ունենալու համար:
ա – Սուրճին հատիկները, բ – սուրճին տերեւները, գ – սուրճին կոթը:

3) Քանի՞ գործօն հրաբուխ գոյութիւն ունի երկրագունդին վրայ:
ա – 200, բ – 300, գ – 600:

4) Ի՞նչ կը կոչուի հրաբուխէն եկած սեւ եւ կարծր քարը:
ա – Կրանիթ, բ – ածուխ, գ – պազալթ:

5) Բամպակը կը գործածուի հագուստներ շինելու համար: Ի՞նչ տեսակի նիւթ մըն է ան:
ա – Արհեստական նիւթ մը, բ – անասունէ մը եկած, գ – բոյսէ մը առնուած:

6) Ո՞րն է ծիածանին ամէնէն դուրսի գոյնը:
ա – Կարմիր, բ – դեղին, գ – մանիշակագոյն:

7) Քանի՞ տեսակ սունկեր գոյութիւն ունին երկրագունդին վրայ:
ա – 10 հազար, բ – 20 հազար, գ – աւելի քան 50 հազար:

8) Ո՞ր շրջանին մէջ ո՛չ մէկ միջատ կարելի է գտնել:
ա – Խորունկ քարայրներուն մէջ, բ – ովկիանոսներու աղի ջուրերուն մէջ, գ – լեռներու բարձր ձիւնով ծածկուած գագաթներուն վրայ:

9) Հիւսիսային կիսագունդին մէջ, ո՞րն է տարուան ամէնէն երկար օրը:
ա – 21 մարտ, բ – 21 յունիս, գ – 21 սեպտեմբեր:

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս իւրաքանչիւր պատկերի միջեւ գոյութիւն ունեցող 2 տարբեր մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել անուշեղէնի կտորին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Պատասխանները

1 – ա, 2 – ա, 3- գ, 4 – գ, 5 – գ, 6 – ա, 7 – գ, 8 – բ, 9 – բ:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 9 Ապրիլ 2021)

Յաջորդը

Վաստակաշատ Դերասան Մարի Ռոզ Մանուկեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը
Մանկապատանեկան

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը

January 31, 2026
Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ

January 24, 2026
Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը
Մանկապատանեկան

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.