Երէկ Սլովաքիոյ խորհրդարանի 25-րդ լիագումար նիստին ընթացքին Ազգային խորհուրդին կողմէ միաձայնութեամբ` 120 թեր քուէով որդեգրուած է Սլովաքիոյ Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Մարիան Քերիի կողմէ ներկայացուած «Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ» բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը:
Բանաձեւին մէջ խստօրէն կը դատապարտուին խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնները, քաղաքային ենթակառոյցներու, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կոթողներու եւ յուշարձաններու ոչնչացումը, մտահոգութիւն կը յայտնուի տագնապի ընթացքին երրորդ երկիրներու զինուորական ներգրաւուածութեան եւ անոնց ապակայունացնող դերին առնչութեամբ, կը շեշտուի, որ տեւական խաղաղութեան հասնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ իրաւական կարգավիճակի որոշման հոլովոյթը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ, խորապէս մտահոգութիւն կը յայտնուի, որ պատերազմական գերիները եւ բռնի պահուող այլ անձեր, ներառեալ քաղաքայիններ, ազատ չեն արձակուած` համաձայն Միջազգային մարդասիրական օրէնքի, մասնաւորաբար` 1949 թուականի Ժընեւի ուխտի կէտերուն:
Բանաձեւին մէջ Սլովաքիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան, Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, կոչ կ՛ուղղուի` ապահովելու պատերազմական յանցագործութիւններու, ներառեալ տարանջատուող զինամթերքի օգտագործման վերաբերեալ բոլոր մեղադրանքներու պատշաճ քննութիւնը, բոլոր պատերազմական գերիներու եւ խաղաղ բնակիչներու անյապաղ ազատ արձակումը, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու առանց սահմանափակումներու մուտքը Արցախ:



