Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պայտընի Վարչակազմը Խրախուսական Ազդանշաններ Կ՛ուղարկէ` Իրանեան Հիւլէական Գործարքի Փակուղիէն Դուրս Գալու» Կ՛ըսէ Լաւրով

April 1, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը խրախուսական ազդանշաններ կ՛ուղարկէ իրանեան հիւլէական գործարքին շուրջ ստեղծուած փակուղիէն դուրս գալու փորձերու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Այժմ Ճօ Պայտընի վարչակազմէն կան խրախուսական ազդակներ` որոշ փոխզիջումներ գտնելու ուղղութեամբ` Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին շուրջ փակուղիէն դուրս գալու եւ զուգահեռաբար լրացուցիչ մտահոգութիւններ լուծելու համար: Ասոր, ի դէպ, աշխուժօրէն կ՛աջակցինք նաեւ մենք», ըսած է ան` «Վալտայ» ակումբի Միջին Արեւելքի նիւթով ընդհանուր ժողովի յատուկ նստաշրջանին ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ նախորդ նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարութեան օրերուն դուրս եկած են Իրանի հետ հիւլէական գործարքէն ու վերականգնած Թեհրանի դէմ պատժամիջոցները: Այժմ որոշ փորձագէտներ կը կարծեն, որ Պայտընի օրերուն Միացեալ Նահանգներ կրնան դարձեալ վերադառնալ գործարքին:

«Ռոսիսքայա Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Լաւրով նաեւ խօսած է Թուրքիոյ հետ իր երկրին յարաբերութիւններուն մասին եւ նշած, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումները, ներառեալ Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցերուն վերաբերեալ, երբեմն լրջօրէն կը տարբերին, սակայն կողմերը գրեթէ միշտ կը յաջողին փոխզիջում գտնել:

«Երբեմն դիրքորոշումները նոյնիսկ բաւական լուրջ կը տարբերին, սակայն մենք կը գնահատենք մեր յարաբերութիւնները, որովհետեւ մեր թուրք գործընկերներուն հետ մենք միշտ կը կրնանք գտնել լուծումներ, որոնք ձեռնտու են թէ՛ մեզի, թէ՛ անոնց», ըսած է նախարարը:

Լաւրովի համաձայն, ատիկա բնորոշ է թէ՛ նախագահական, թէ՛ ալ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումներուն համար: «Միշտ աւելի լաւ է բանակցիլ մարդու հետ, որ կ՛ազդէ որոշակի իրավիճակի վրայ եւ ունի քու տեսակէտէդ տարբերող տեսակէտներ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Իբրեւ օրինակ` Լաւրով նշած է Իտլիպի համաձայնագիրը: Քանի մը տարի առաջ երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութեամբ գոյացած արձանագրութիւնը կ՛իրականացուի աւելի դանդաղ, քան ինչ որ որոշուած էր, սակայն թրքական կողմը կը վերահաստատէ իր բոլոր պարտաւորութիւնները:

 

 

Նախորդը

«Ռուսիան Զօրքերը Կը Մօտեցնէ Ուքրանիոյ Հետ Սահմանին» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Բանակի Հրամանատարը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հաստատած Է 44-Օրեայ Պատերազմին Թուրքիոյ Մասնակցութիւնը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.