Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՃԻԳԵՐ ՓՈԽՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՎ

January 31, 2012
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կայացած հանդիպումը եւ անոր առիթով կատարուած յայտարարութիւնները հայկական հայեցակէտերէ դիտուած խորհրդածութիւններու առիթ կու տան:

Նախ, հանդիպումին համար ընտրուած ժամանակը Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ օրինագիծի որդեգրումէն անմիջապէս ետք կը նախանշէ, որ Անգարան հակակշիռ գործողութիւն կազմակերպելու քայլ կ՛առնէ. աւելի կը համոզուինք այս վարկածին, երբ մտաբերենք, որ Պրիւքսել մեկնումը մերժող թուրք արտաքին գործոց նախարարը փոխարէնը կ՛ընտրէր Մոսկուան` անոր հետ քննարկելու համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող խնդիրները:

Այս սիւնակներէն քանի մը անգամ ընդգծուեցաւ այն մտավախութիւնը, որ Ֆրանսայի օրինագիծի քուէարկութիւններուն դիմաց Անգարան փորձ կը կատարէ ղարաբաղեան հարցին ուղղութեամբ առաւելներ ձեռք ձգելու. անկարելի պիտի ըլլար անշուշտ մտածելը, որ արցախեան խնդիրին վերաբերող բաժին ներառուած պիտի չըլլար Տաւութօղլու-Լաւրով հանդիպումին ընթացքին:

Թրքական այս առաջադրանքին նախաբանը կը կատարէր նախարար Տաւութօղլու, երբ Մոսկուայի հանդիպումէն անմիջապէս առաջ կը յայտարարէր, որ Ֆրանսան եթէ պիտի շարունակէ մնալ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան պաշտօնին վրայ, ապա Թուրքիան եւս պէտք է ստանձնէ համանախագահի պաշտօնը: Այս մէկը առաջին ինքնաառաջադրումը չէր Թուրքիոյ. Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նոյն օրինագիծի ընդունման օրերուն այս տեսակէտը հնչած էր Անգարայէն. յստակ է, որ Ֆրանսայի մէջ պատահածին փոխհատուցում ստանալու մարտավարութիւնն է, որ կը կիրարկուի Անգարայի վարիչներուն կողմէ:

Փոխհատուցում ստանալու այս քաղաքականութեան մէկ կարեւոր օղակն է, որ կը կապուի շղթային, այս անգամ Մոսկուայի մէջ: Հայ քաղաքական միտքը լուսարձակները լայն պէտք է բանայ այն տեղեկատուութեան վրայ, որուն համաձայն, թրքական եւ ռուսական կողմերը ոչ միայն քննարկած են արցախեան խնդիրը, այլ նաեւ պայմանաւորուած են այդ ուղղութեամբ աւելցնելու գործադրուող ջանքերը:

Յստակ է, որ Մոսկուան թէ՛ Մինսքի խմբակի համանախագահի իր պաշտօնով եւ թէ՛ եռակողմ ձեւաչափով իր հրաւիրած միջնախագահական հանդիպումներով ստանձնած է գերակայ միջնորդի առաքելութիւն: Մոսկուայի գործադրելի ջանքերը աւելցնելը կրնայ հասկնալի դառնալ նման պարագայի. բայց երբ ո՛չ Մինսքի խմբակի միջնորդութեան ներառուած եւ ո՛չ ալ այս հարցին մէջ որեւէ միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած Թուրքիան է, որ Ռուսիոյ պաշտօնական ներկայացուցիչին հետ կը պայմանաւորուի աւելցնելու գործադրուող ջանքերը, խնդիրը ընդգծուած ձեւով կը ստանայ մտահոգիչ բնոյթ: Տակա՛ւին. իբրեւ միջնորդ եւ իբրեւ համանախագահ ինքնաառաջադրուող Անգարան այս ձեւով կը ստանայ որոշ դեր Ռուսիոյ կողմէ. այս ա՛յն Թուրքիան է, որ ոչ թէ իբրեւ միջնորդ, այլ իբրեւ կողմ հովանաւորող, զինող, սպառազինող, զօրակցող, սահման փակող եւ նախապայմաններով առաջնորդուող երկիրն է, որ հիմա Ֆրանսայի օրինագիծին դիմաց միջնորդական առաքելութիւն կը պահանջէ:

Ռուսերէն միացեալ այս պայմանաւորուածութիւնը խլելու համար Տաւութօղլուն նախ խօսած է այլ նիւթի մասին: Յայտարարած, որ Թուրքիան թոյլ չի տար, որ իր տարածքը օգտագործուի Իրանի դէմ զինուորական որեւէ յարձակում կազմակերպելու համար: Դէպի Մոսկուա ուղղուած քաղաքական այս պատգամը փաստօրէն պարարտ ենթահող ծառայած է հետագային յայտարարուելիքին համար` «աւելցնել գործադրուող ջանքերը արցախեան հարցին ուղղութեամբ»:

Բառացի մեկնաբանութիւնը այս տեղեկատուութեան կ՛ենթադրէ, որ Անգարան, որ արդէն իսկ ջանքեր կը գործադրէ, յաւելեալ թափ պիտի տայ իր աշխատանքներուն: Եթէ նկատի ունենանք Անգարայի գործադրած ջանքերը այս ուղղութեամբ, ուրեմն պիտի մտածենք, որ Անգարան պիտի աւելցնէ իր նախապայմանային քաղաքականութիւնը ի գործ դնելու ջանքերը:

Եթէ օրինագիծը ստանայ օրէնքի ուժ եւ եթէ Ֆրանսան մնայ իր համանախագահութեան պաշտօնին վրայ, ապա այդ պարագային Տաւութօղլուն միեւնոյն հետեւողականութեամբ պէտք է մեկնի Ուաշինկթըն (Թուրքիոյ պահանջին համար վերջին համանախագահող երկիրը), այս անգամ ամերիկացի իր գործընկերը համոզելու, որ Թուրքիան պէտք է ստանձնէ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան պաշտօնը: Թուրք նախարարը այս անգամ ուրիշ նախաբան պէտք է ընտրէ, որովհետեւ չի կրնար Իրանը հարուածելու համար տարածք չտրամադրելու յայտարարութիւն կատարել:

«Ա.»

Նախորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՕՐ ՄԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
Ակնարկ.  Այցելութիւններ Եւ Ընդունելութիւններուն  Տարբերութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Այցելութիւններ Եւ Ընդունելութիւններուն Տարբերութիւնը

November 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.