Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՍԻԱ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍ. ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔՈՂԱՐԿԵԼ ՈՒԺԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

January 31, 2012
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի մէջ կրնայ ցուրտ ձմեռ ըլլալ, բայց այնպէս կը թուի, որ Ազրպէյճանի, Ղազախստանի, Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի նման երկիրներու ղեկավարները տակաւին իրենց միտքերուն մէջ «Արաբական գարունը» ունին:

Այս երկիրները կը շարունակեն իրականացնել միջոցառումներ, ուղղուած` խօսքի ազատութեան եւ համախմբուելու իրաւունքի սահմանափակման, ինչպէս նաեւ` կրօնական ազատութիւններու կրճատման: Այս ճնշումներու տեսանելի մէկ ձգանը իշխանութիւններու կողմէ ընդհանուր ցանկութիւնն է` արգիլել այլախոհական արտայայտութիւններու քաղաքական շարժումի վերածումը:

Կառավարութիւններ ուշի-ուշով կը հետեւին զանգուածային հաղորդակցութիւններու եւ ընկերային ցանցերու, որոնք Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ցոյցի մեքենաներ, գործիքներ էին: Ուզպեքստանի իշխանութիւնները, օրինակ, քայլեր առած են խստացնելու համար բջիջային ընկերութիւններու վերահսկողութիւնը` այդ ծառայութիւնները հայթայթողներուն հրահանգելով իրենց տեղեկացնել յաճախորդներու կողմէ կասկածելի որեւէ քայլ, նաեւ խստացնելու` գրաւոր (Էս.Էմ.Էս.)  պատգամներու զանգուածային ցրւումը բջիջային ցանցերու միջոցով:

Ազրպէյճան եւս որդեգրած է նման միջոցառում` մօտէն հետեւելու համար բջիջային եւ գրաւոր հաղորդակցութեանց:

Գործող պաշտօնատարներ նաեւ յստակօրէն մտահոգ են կրօնական շարժումներու քաղաքական դերակատարութենէն: Ասիկա կը նշանակէ, որ կրօնական արտայայտութեան բոլոր ձեւերը (գլխաւորաբար իսլամ, բայց նաեւ` քրիստոնեայ), որոնք չեն գրանցուած եւ վաւերացուած պաշտօնապէս, աւելի քան երբեք հետախուզութեան կ՛ենթարկուին: Խըրխըզստանի մէջ, օրինակ, աւելի քան 170 չարձանագրուած մզկիթներ փակուեցան վերջին ամիսներուն: Հակադարձօրէն, Տաճիկստանի իշխանութիւնները կ՛իրականացնեն ծրագիր մը կառուցելու հարիւր հազար հաւատացեալի, աղօթողի համար նախատեսուած մզկիթ մը: Տեղական մասնագէտներ կ՛ըսեն, թէ հսկայ, զանգուածային մզկիթը պիտի դիւրացնէ մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ կրօնական հարցերուն հետեւելու իշխանութեան գործը:

Կրօնը հակակշիռի, վերահսկողութեան տակ պահելու ջանքերը ներքին քաղաքականութենէն անդին կ՛երթան: Ազրպէյճանի եւ Տաճիկստանի մէջ ճնշումները մասամբ կապուած են այն կասկածներուն, թէ Իրան միջամուխ կ՛ըլլայ, կամ իշխող կառավարութիւններուն մէջ կրօնական ընդդիմութեան գաղափարական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ: Իրանեան ենթադրեալ միջամտութեան վերաբերեալ լարուածութիւնը մասնաւորաբար սուր բնոյթ ունի Ազրպէյճանի մէջ: Պաքու 2001-ին քայլեր առաւ չէզոքացնելու համար բացայայտօրէն իրանամէտ Ազրպէյճանի իսլամական կուսակցութիւնը (ԱԻԿ), նաեւ ձերբակալելով կուսակցութեան ղեկավարը` Մովսուն Սամատով: Նոյն ատեն, Պաքու ըսաւ, որ կը կասկածի, թէ Իրանի գործակալներ կ՛աշխատին աշխարհիկ կարգերու կողմնակիցները վախցնելու եւ հանրային կեանքին մէջ իսլամութեան դերին վերաբերեալ քննարկումներու հակաքարոզչութեան համար:

Տաճիկստանի մէջ նախագահ Իմոմալի Ռահմոնիի վարչակազմը կը դիմակայէ իսլամականներու գործունէութեան վերածնունդը: Եգիպտոսի մէջ փետրուարին, Մուպարաքի վարչակարգի տապալումէն կարճ ժամանակ առաջ, «Թայմ» ամսաթերթը Ռահմոնը դասեց 8-րդ` դժուարութիւններ դիմակայող 10 միապետերու ցանկին մէջ:

Պետական մեծ մզկիթ մը կառուցելէ բացի, տաճիկ առաջնորդը ձեռնարկեց այնպիսի կտրուկ միջոցներու, ինչպէս` ետ կանչել այն ուսանողները, որոնք իսլամական կրօնագիտութիւն կ՛ուսանին օտար հաստատութիւններու մէջ, մանաւանդ` Գահիրէի Ազհար համալսարանին մէջ:

Ղազախստան, որ աւանդաբար ինքզինք յարդարած էր իբրեւ կրօնական եւ ցեղային հանդուրժողականութեան ամրոց, վերջերս ազդու քայլեր առած է, կրօնին վրայ պետական վերահսկողութիւնը աւելցնելու համար:

Կը թուի, թէ այսպիսի գործողութեան մը ներազդեցութիւնը 2011-ին տեղի ունեցած ահաբեկչական դէպքերու շարքէն, թէեւ գրեթէ բոլոր դէպքերուն պարագային ալ պետական պաշտօնատարները կարծես կը խուսափէին իսլամ զինեալները մեղադրելէ:

Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ հոկտեմբերին ստորագրեց օրէնսդրութիւն մը, որ հաշուառման խիստ պահանջներ կը պարտադրէ կրօնական միաւորներուն, հաստատութիւններուն: Օրինակ, պաշտօնապէս ճանչցուած բոլոր կրօնական խումբերը, ինչպէս նաեւ ոեւէ անձ, որ «միսիոնարական գործունէութիւն» կ՛ունենայ, պէտք է կրկին արձանագրուի, որպէսզի կարենայ իր աշխատանքը շարունակել: Օրէնսդրութիւնը նաեւ կը պարունակէր տարտամ, անորոշ բառերով դրոյթ մը, որ, ըստ երեւոյթին, պետութեան կու տար լայն լիազօրութիւններ` միջամտելու համար երկրի կրօնական կեանքին: Դրոյթը մասնաւորաբար «կ՛արգիլէր ընտանիքներու քանդումին վրայ հիմնուող կրօնական միաւորումներ, ի նպաստ կրօնական համայնքներու գոյքի պարտադրուած յանձնումը, որոնք վնասակար են քաղաքայիններու բարոյականութեան եւ առողջութեան»:

Ընդհանուր առմամբ, խօսքի ազատութիւնն ու կրօնական արտայայտութիւնը սանձելու համար որդեգրուած միջոցառումները կ՛արտացոլեն խոցելիութեան խոր զգացում մը շրջանային առաջնորդներու մասին: Պարզ է, որ անոնք կը զգան, թէ սեղմումը, ճզմումը կը ներկայացնէ սթաթիւս քօ-ն պահպանելու լաւագոյն առիթը: Սակայն ժողովրդային ընդվզումը մեղմելու համար  բոլոր ապահով դռնակները փակել փորձելով, Ազրպէյճանի, Ուզպեքստանի եւ նոյնիսկ Ղազախստանի մէջ պաշտօնատարներ կրնայ ըլլալ, որ կը բարձրացնե՛ն, այլ ոչ թէ կը նուազեցնեն (Արաբական «Ա.») Գարնան նման արձագանգի յառաջացումը իրենց իսկ երկիրներուն մէջ:

ՍԹԻՖԸՆ ՊԼԷՆՔ

«Եուրէյժիանեթ»

Նախորդը

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՈՂՆԱՍԻՒՆԸ` «ԻՆՉՔԵՐ»…

Յաջորդը

ՊԱՔՈՒ-ԹԵՀՐԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ, ԾԱՅՐ Կ՛ԱՌՆԷ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ «ՎԷՃ» ՄԸ

RelatedPosts

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ

November 18, 2026
Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը
Պատմական

Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը

November 11, 2026
Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը
Պատմական

Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.