Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէյրութի Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւններուն Միջեւ Ստորագրուած Պայմանագիրին Առնչութեամբ Ո՛չ Մէկ Օրինական Կամ Դատական Տարակարծութիւն Կայ» Շեշտեց Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան

Մարտ 15, 2021
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին շրջանին բազմաթիւ լրատուութիւններ հաղորդուեցան Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայրին մասին: Հակասական կամ մասնատուած   տեղեկութիւններու, ենթադրութիւններու եւ տարաձայնութիւններու յառաջացուցած շփոթը փարատելու համար «Ազդակ» դիմեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին` խնդրելով թղթածրարին մանրամասն լուսաբանում:

Ստորեւ` քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ մեր ունեցած հարցազրոյցը.

ՀԱՐՑՈՒՄ.-  Կարելի՞ է յիշեցման կարգով ներկայացնել Պուրճ Համուտին մէջ թափօններու թաղման վայրի բացման  եւ  բանեցման հանգամանքները, աշխատանքներու ձեւն ու տարողութիւնը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ կ՛ուզեմ յստակացնել, որ Պուրճ Համուտ-Ժտէյտէ-Պաուշրիէ թափօններու թաղման վայրը մէկ ամբողջութիւն է, որ բաղկացած է երկու հատուածներէ, որոնք են` Պուրճ Համուտի եւ Ժտէյտէ-Պաուշրիէի հատուածները:    Նախարարաց խորհուրդի 12 մարտ 2016-ի եւ 13 մարտ 2016-ի որոշումով ստեղծուած է Պուրճ Համուտ-Ժտէյտէ-Պաուշրիէ թափօններու թաղման վայրը, որ մէկ ամբողջութիւն է:

Նոյն որոշումով, վայրի կառուցումն  ու պատրաստութիւնը վստահուեցաւ Շինարարութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին, որ թեքնիք մանրամասնութիւնները ճշդելէ ետք կատարեց հրապարակային նուազուրդներ,  որոնց հիման վրայ թափօններու թաղման վայրի պատրաստութեան եւ վարչական աշխատանքներուն համաձայնագիրը շահեցաւ «ԽՈՒՐԻ» ընկերութիւնը:

Նախարարաց խորհուրդին որդեգրած  ծրագիրին հիման վրայ` Մեթնի, Քեսըրուանի  եւ Պէյրութի շրջանններէն հաւաքուած աղբը նաեւ կ՛ուղարկուէր Քարանթինայի մէջ բանող գործարաններ, ուր զտուելէ ետք, թաղուելիք բաժինը բեռնակառքերով կը փոխադրուէր թափօններու թաղման վայր` անցնելով Պուրճ Համուտի հատուածէն:

Մինչեւ մայիս 2020 թափօններու թաղման  վայրի միակ մուտքը Պուրճ Համուտէն էր,  բայց այդ թուականէն սկսեալ բեռնակառքերը կ՛անցնին Պուրճ Համուտէն, սակայն թափօններու թաղման վայր կը մտնեն Ժտէյտէի քաղաքապետական տարածքին մէջ ստեղծուած մուտքէն:

Հ.- Կարելի՞ է բացատրել ձեր եւ Պէյրութի քաղաքապետութիւններուն միջեւ  ստորագրուած պայմանագրութեան հանգամանքները, մանաւա՛նդ ինչ կը վերաբերի համաձայնութեան գոյացման եւ անոր հիման վրայ ճշդուած աշխատանքի եղանակին:

Պ.- Պէյրութը 2015-ին դիմագրաւեց աղբերու կուտակման տագնապ, եւ ոչ մէկ շրջան համաձայն գտնուեցաւ աղբերը իր տարածքէն ներս ընդունիլ: Հետեւաբար, կենսոլորտային եւ առողջապահական այդ տագնապին լուծման միակ ընտրանքն ու ելքն էր, թափօններու թաղման վայրին ստեղծումը, այդ նպատակով ալ ստորագրուեցաւ այդ պայմանագիրը: Անիկա ստորագրուեցաւ համաձայնութեան հիմամբ, այսինքն առանց աճուրդի կամ նուազուրդի, պարզապէս որովհետեւ չկար թափօններու թաղման այլ վայր մը, ուր  կարելի էր զետեղել այդ քանակը:

Յիշեցնեմ, որ, կառավարութեան ծրագիրին  հիմամբ, Պէյրութի արտադրած օրական 650  թոն աղբի 200 թոնը կ՛ուղարկուի Սայտա, 200-ը` Պուրճ Համուտ, իսկ մնացեալը` Քոսթա Պրավա:

Այդ պայմանագիրը վաւերացուեցաւ Պէյրութի  եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդներուն կողմէ եւ գործադրութեան  դրուելէ առաջ ներկայացուեցաւ պետական    հաշուեքննիչ ատեանին, ինչպէս նաեւ դրամական ու վարչական վերահսկողութեան մարմիններուն` ստանալու համար անոնց հաւանութիւնը:

Այդ պայմանագիրին հիման վրայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը վերահսկէ աղբերու, որոնք կը վերածուին թափօններու, Պէյրութէն մինչեւ թափօններու թաղման վայր բեռնակառքերով փոխադրութեան ընթացքին սկսեալ բեռնակառքերու Պուրճ Համուտի քաղաքապետական տարածք մուտքէն մինչեւ թաղման վայր հասնիլը, օրական 200 թոն քանակութեամբ:

Պայմանագիրին մէջ նշուած է, որ այս պարտաւորութեանց դիմաց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը ստանայ վեց միլիոն տոլարի ընդհանուր գումար մը (տոլարի պետական սակով` 1500 լ. ոսկի), որուն    քառորդը կը վճարուի պայմանագիրի  ստորագրութենէն եւ վաւերացումէն ետք, իսկ մնացեալը` երեք տարուան վրայ եռամսեայ հաւասար մասնավճարներով:

Հ.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը մեղադրուի, թէ այդ գումարները շարունակած է գանձել թափօններու թաղման վայրի փակումէն ետք: Կարելի՞ է բացատրել պայմանագիրի գործադրութեան ժամկէտն ու վերոնշեալ տեղեկութեան հիմերը:

Պ.- Նախ հաստատեմ, որ թափօններու թաղման վայրի Պուրճ Համուտի հատուածը փակուած է: Կրկնեմ, որ թաղման վայրը մէկ է, եւ կ՛երկարի թէ՛ Պուրճ Համուտի, թէ՛ Ժտէյտէի քաղաքապետական տարածքներուն վրայ: Պայմանագիրը ի զօրու դարձաւ 17 յուլիս 2017-ին, չորս տարուան տեւողութեամբ:

Անկախ այն իրողութենէն, որ հիմնական համաձայնութեան մէջ ընդգծուած է, թէ  Պէյրութէն օրական դրութեամբ եկած 200  թոնը հաւասարապէս պէտք է

բաժնուի թափօններու թաղման վայրի երկու   հատուածներուն` Պուրճ Համուտի եւ Ժտէյտէի միջեւ, սակայն պայմանագիրի գործադրութեան սկսելու զուգահեռ Պուրճ Համուտի հատուածին մէջ ինկած թափօններու թաղման բջիջներու կառուցումը ամբողջացած էր, ուստի եկած թափօնները սկսան հոն տեղադրուիլ, մինչ Ժտէյտէի հատուածին մէջ բջիջներու շինութիւնը կը շարունակուէր:

Բնականաբար, Պուրճ Համուտի հատուածին   մէջ թափօններու թաղման բջիջները իրենց առաւելագոյն քանակին հասան փետրուար 2018-ի վերջերուն, ինչպէս հաստատեց Շինարարութեան եւ  բարգաւաճման խորհուրդին ու «ԽՈՒՐԻ» ընկերութեան տեղեկագիրը: Հետեւաբար, այդ բջիջներուն մէջ թափօններ թաղելու աշխատանքը դադրեցաւ: Բայց եւ այնպէս այդ աշխատանքը տակաւին կը շարունակուի     Ժտէյտէի հատուածին մէջ գտնուող բջիջներու պարագային:

Ընդգծեմ, որ այս հատուածին մէջ աշխատանքներն ու վարչական  հարցերը  կատարող «ԽՈՒՐԻ» ընկերութիւնը կը գործէ կառավարութեան կողմէ լիազօրուած Շինարարութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի ճշդած թեքնիք ցուցմունքներով ու  անոր հսկողութեան տակ:

Հ.- Այսինքն Պէյրութի քաղաքապետութեան հետ ձեր պայմանագիրը տակաւին գործադրութեան մէ՞ջ է: Եթէ այո՛, ի՞նչ հիմամբ եւ տակաւին գանձելի գումարներ կա՞ն:

Պ.- Անշուշտ տակաւին գործադրութեան մէջ է` հետեւեալ հիմունքներով.-

ա.- Պայմանագիրը ի զօրու դարձաւ 17 յուլիս 2017-ին եւ այդպէս կը մնայ Նախարարաց    Խորհուրդի որոշումով` չորս տարուան  համար, ու տակաւին այդ ժամանակահատուածը չէ աւարտած:

բ.- Նոյն որոշումը պայմանագիրի գործադրութեան տեւողութիւնը կապեց թափօններու թաղման վայրի ամբողջութեան, եւ ո՛չ միայն Պուրճ Համուտի հատուածի աշխատանքի տեւողութեան հետ:

Աւելի՛ն, պայմանագիրի 3-րդ յօդուածը յստակօրէն կ՛ըսէ, թէ ան կը դադրի ի զօրու  ըլլալէ միայն դատական կամ վարչական որոշումով` թափօններու թաղման վայրը փակելու պարագային, եւ ո՛չ թէ անոր լեցուելուն կամ մէկ հատուածի լեցուելուն պարագային:

Մինչեւ օրս թափօններու թաղման վայրը վերջնականապէս փակելու վճիռ չկայ` նկատի ունենալով տակաւին գործող Ժտէյտէ-Պաուշրիէ հատուածը, հետեւաբար թափօններու թաղման վայրը կը շարունակէ բանիլ: Այսինքն` Պէյրութի քաղաքապետութիւնը կը շարունակէ հոն ուղարկել իր աղբերը եւ գործադրել պայմանագիրի զինք հետաքրքրող բաժինը:

Հ.- Իսկ ի՞նչ ունիք ըսելիք գանձումներուն վերաբերեալ:

Պ.- Ինչպէս ըսի, համաձայնութիւն գոյացած է ընդհանուր գումարի շուրջ` վեց միլիոն տոլար, տոլարը` 1500 լ. ոսկիի համարժէք: Գանձուած է պայմանագիրի հիմամբ ճշդուած այդ գումարին քառորդը` վաւերացումէն ետք, ինչպէս նաեւ առաջին եւ երկրորդ տարիներու եռամսեայ մասնավճարներն ու երրորդ տարուան առաջին եռամսեակի մասնավճարը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի մնացեալ մասնավճարներուն, մօտաւորապէս 2,5 միլիառ լ. ոսկիին, ապա անոնք ցարդ չեն կատարուած, եւ մենք կը շարունակենք պահանջել օրինական պարտաւորութիւններու գործադրութիւնը:

Հոս կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այս բոլոր վճարումները կատարուած են չէքերով, որոնք զետեղուած են Կեդրոնական դրամատան մօտ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հաշիւին մէջ:

Հաստատեմ, որ օրէնքի բերմամբ քաղաքապետութիւնները, ինչպէս բոլոր պետական կառոյցները, պարտաւոր են հաշիւ բանալ միայն Կեդրոնական դրամատան մօտ, եւ այդ հաշիւով կատարել   գանձումներն ու վճարումները: Օրէնքը

բացառած է այդ գումարներու երրորդ օղակէ անցնիլը, ըլլայ անիկա սեփական    դրամատուն կամ այլ դրամական կառոյց:

Հ.- Կը մեղադրուիք, թէ Պէյրութի քաղաքապետութեան ուղարկուած աղբերու քանակին մասին տեղեկութիւններուն մէջ զեղծարարութիւն կատարուած է:

Պ.- Այդ տեղեկութիւնները Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ցուցակներով կը պատրաստէր ինքնիրեն համար` մօտաւոր գաղափար մը ունենալու թափօններու թաղման վայր հասած քանակին մասին: Անոնք ճշգրիտ կշիռքներու վրայ չեն հիմնուիր, այլ` իւրաքանչիւր բեռնակառքի կրած թափօններուն մօտաւոր կարողութեան վրայ:

Այդ ցուցակներէն օրինակներ կը յղէինք Պէյրութի քաղաքապետութեան` միայն առ ի  գիտութիւն` շեշտելով անոնց մօտաւոր բնոյթը:

Աւել՛ին, այդ քանակը ոչ մէկ առնչութիւն ունի վճարելի գումարին հետ, որ, ըստ  պայմանագիրին, ընդհանուր է, բաժնուած` մասնավճարներու, անկախ քանակէն ու կշիռքէն:

Հետեւաբար, նիւթական շահ կամ գումար ապահովելու համար մօտաւոր կշիռքի տարբերութիւնը զեղծարարութիւն սեպելը անհիմն է:

Աւելի՛ն, անհեթեթութիւնը երեւան կու գայ հետեւեալ տուեալներէն.

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պահանջով, Շինարարական եւ բարգաւաճման խորհուրդը զեկուցեց, որ 17 յուլիս 2017-էն մինչեւ 17 յուլիս 2020 Պէյրութէն թափօններու թաղման վայր հասած է 335.000 թոն, 1095 օրերու  ընթացքին:

Խնդիր յարուցած ցուցակները 17 ապրիլ 2020-էն 30 ապրիլ 2020-ի ցուցակի երկու օրինակներն են, որոնցմէ մէկուն մէջ կ՛ըսուի, թէ այդ 14 օրերուն ընթացքին հասած է 3061 թոն, իսկ միւսին մէջ` 3085 թոն:

Եթէ նման տարբերութիւն կայ, ապա անիկա ծանրաբեռնուած պաշտօնեայի մը մանր սխալմունքն է:

Հարցը կը վերաբերի 335.000 թոնի վրայ` 24  թոնի, այսինքն` հազարաւոր բեռնակառքերու վրայ մէկ բեռնակառքի տարբերութեան, որ ոչ միայն աննշան սխալ է, այլ նաեւ` անհետեւանք, քանի որ այդ ցուցակը մօտաւոր գնահատական է, պայմանագիրին մէջ ճշդուած պարտաւորութիւն չէ, եւ ո՛չ մէկ անդրադարձ կամ ազդեցութիւն ունի վճարումին վրայ, քանի որ, ինչպէս ըսի, համաձայնութիւնը ընդհանուր գումարի շուրջ է:

Հ.- Վերջին խօսք ուն՞իք այս թղթածրարին վերաբերեալ:

Պ.- Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ Պէյրութի եւ Պուրճ  Համուտի քաղաղաքապետութիւններուն միջեւ ստորագրուած պայմանագիրը ներկայացուեցաւ դատական, դրամական եւ վարչական վերահսկողութեան մարմիններուն, վաւերացուեցաւ անոնց կողմէ ու կը գործադրուի անոնց հսկողութեան տակ:

Երկու քաղաքապետութիւններուն միջեւ ցարդ ո՛չ մէկ օրինական կամ դատական  տարակարծութիւն կայ այս պայմանագիրին առնչութեամբ:

Փաստօրէն, Պէյրութի քաղաքապետութիւնը Սայտայի քաղաքապետութեան հետ ստորագրուած է նոյնպիսի պայմանագիր մը, եւ ոչ ոք առարկութիւն ունի անոր գծով:

Յստակ է, որ անհիմն եւ անհետեւանք տուեալներով դատական հայց ներկայացնելը քաղաքական նպատակներ թաքցնող քայլ մըն է:

Նախորդը

Խօսքէն Անդին` Ծրագիր Եւ Գործ – Ե. – Վերջին Պատերազմէն Անդին

Յաջորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?